Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամօ՛թ Մեզի, Եթէ…

January 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայոց բանակի կազմաւորման տարեդարձն է: Կը շնորհաւորենք մեր յաղթական բանակին տօնը. վստահ եմ, որ այսօր հազարաւոր հայկական սեղաններու վրայ բաժակ պիտի բարձրացուի եւ հայրենասիրական կենացներ պիտի խմուին:

Մե՛նք ալ պիտի միանանք այդ կենացներուն, որոնք «հալալ» կենացներ են, եթէ`

Սահմանը պաշտպանող զինուորներու ծնողներուն ու հարազատներուն ուղղուած օրհնանքներ ու մաղթանքներ են,

Հայոց բանակին գործնական աջակցութիւն ցոյց տուողներուն, բանակի հզօրացման շօշափելիօրէն նպաստողներուն յաւելեա՛լ զօրակցութեան խոստումներ են,

Բանակ մեկնելու պատրաստուող երիտասարդներու յանձնառութեան յայտարարութիւններ են,

Բանակին ու զինուորներուն իրաւունքներու, շահերու պաշտպանութեան գործին նուիրեալներու խօսքեր են,

Բանակին դիմագրաւած ճգնաժամային պահերուն` դիրքեր հասած, զինուորին կողքին կանգնած կամաւորականներէ են,

Զինուորին երկիրը, հայրենիքը արդար ու բարգաւաճ պետութիւն դարձնելու նպատակին լծուած մարդոցմէ են:

Հայոց բանակին հանդէպ մեր ազգային, համազգային պարտաւորութիւնները յստակացնելու ժամանակը արդէն իսկ անցած է: Այս պարագային, զիջում-ներում պէտք չէ՛ ըլլայ: Ո՛վ բանակին կողքին չէ, ո՛վ բանակին բարոյական ու նիւթական աջակցութիւն ցոյց չի տար, պէտք է պախարակուի ամէնէն վիրաւորական ձեւերով: Ուրիշ ճանապարհ չկա՛յ. մենք պէտք է ապահովենք մեր բանակը ամէնէն ուժեղ, ամէնէն արդիական սպառազինութեամբ, անխոցելի պէտք է դարձնենք մեր իւրաքանչիւր զինուորը` իր հանդերձանքով, իր ապահովուածութեամբ. մեր կտրիճները իրենց թիկունքին պէտք է զգան ամբողջ ազգին ջերմութիւնը, իրենց ականջին պէտք է հասնին ամբողջ ազգին սրտի բաբախումները:

Ըսինք ու անցա՛նք: Եթէ չկայ յստակ ու պարզ ուղեցոյց, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք այդ արդար կենացի իրաւունքը շահիլ, ապա ո՛չ մէկ բան տեղէն կը շարժի: Պէտք է իւրաքանչիւրիս համար յստակ ըլլայ, որ մեր մասնակցութիւնը, մեր աջակցութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ ուղղակիօրէն հասնիլ բանակին: Անգամ մը, որ ուղեցոյցը պատրաստուի, պէտք է ամբողջ մամուլն ու եթերը լեցուին բանակի զօրակցութեան յորդորներով, կոչերով:

Այլապէս` ամօ՛թ մեզի, այլապէս իրաւունք չունինք բանակով հպարտանալու, անոր անունով երդուելու, անոր կենացը խմելու:

 

 

 

Նախորդը

Տօնդ Շնորհաւոր` Հայկական Բանակ

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Շնորհահանդէս Նուիրուած «Տարեգրութիւն Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարանի, 1923-2013» Յուշամատեանին

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.