
Բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սայտայի մէջ իր ձերբակալած ահաբեկիչը` Օմար Ասին յանձնած է դատական իշխանութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ասի խոստովանած է Համրայի մէջ իր կատարելիք ահաբեկչական գործողութեան մանրամասնութիւնները, ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցութիւնը, ինչպէս նաեւ «Քոսթա» սրճարանը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ դարձնելու հրահանգը, որ ստացած է Ռաքքայէն:
Միւս կողմէ, Օմար Ասիի խոստովանութիւններուն լոյսին տակ բանակը Սայտայի Շարհապիլ շրջանին մէջ ձերբակալեց Ռատուան Ս.-ն:
Նշենք, որ օրեր առաջ լիբանանցի քաղաքացի Մաժիտ Հաշեմը սպաննած սուրիացի Խալետ Սալիմ, որ ոճիրը գործելէ ետք փախուստ տուած էր Սուրիա, երէկ ձերբակալուեցաւ սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ:
Սուրիական իշխանութիւնները խոստացան յանցագործը յանձնել լիբանանեան իշխանութիւններուն, որպէսզի զայն դատավարութեան ենթարկեն:


