ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի Մեհրապի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին ընտրական օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի երէկ ընդունեց նաւթի եւ բնական կազի մարզի պատասխանատու թրքական պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաւթի եւ բնական կազի պեղման վերաբերող զարգացումները:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ եթէ ազգային միացեալ կամք գոյութիւն ունի, ապա կարելի է ընտրական նոր օրէնքի յանգիլ:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին խառն ընտրական օրէնքին, ճշգրիտ ներկայացուցչութեան եւ ազգային միասնականութեան պահպանումին:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները Պեքաայի մէջ պէտք է իրենց պարտականութիւնը արդար կերպով կատարեն:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Թալալ Արսլան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Արսլան թուիթըրեան իր հաշիւով յայտնեց, որ Լիբանանի համար ամօթալի երեւոյթ է, եթէ ձախողի արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակել:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու իմաստով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ անտրամաբանական է երկրին քաղաքական ուժերը զետեղել համամասնականութեան կամ խորհրդարանի չգոյութեան երկընտրանքին դիմաց` աւելցնելով, որ ասիկա մենատիրական մօտեցում է, «իսկ լուծումը երկխօսութեամբ կը սկսի` իրաւազրկումի փոխարէն», շեշտեց ան:
Երեկոյեան Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ վտանգի փողեր հնչեցուց` հաստատելով, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի տնտեսական փորձանք, եթէ ան չկարենայ արագ շարժիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր ունենալ ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որմէ կը պահանջուի լուսանցքայնացնել կամ իրաւազրկել այս կամ այն քաղաքական ուժը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դերակատարութիւնը անոր ունեցած երեսփոխաններուն թիւով կարելի չէ չափել` աւելցնելով, որ համամասնական ընտրական օրէնքը համայնքային դրութեան յարմար չէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Աթուան Զահրա շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն` հասնելու համար ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութեան նպատակն էր քաղաքական ուժերը մղել ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու ուղղութեամբ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ եթէ ընտրական օրէնքին շուրջ կարելի չըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել, ապա անոնք պիտի ուղղուին դէպի անորոշութիւն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ համամասնական դրութենէն բացի ընտրական որեւէ օրէնք կ՛ուղղուի դէպի համայնքային եւ յարանուանական դրութեան ամրապնդում:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն շեշտեց, որ Ֆրանսայի համար միշտ ալ կարեւոր եղած են Լիբանանի շահերուն պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ Փարիզ չի միտիր լիբանանցիներուն փոխարէն որեւէ որոշում տալ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պահաէտտին Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ քաղաքական ասպարէզ մուտք պիտի գործէ իբրեւ հակառակորդ իր եղբօր` վարչապետ Սաատ Հարիրիի:


