Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կառավարութեան Այս Տարուան Անդրանիկ Նիստը

January 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

25 յունուարին գումարուած Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան անդրանիկ նիստին, որուն նախագահած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, յայտարարուած է, որ Արցախի մէջ արձանագրուած է 9 առ հարիւրի տնտեսական աճ:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան անդրադարձած է 2016 թուականի ընկերային-տնտեսական ցուցանիշներուն, կատարուած աշխատանքներուն, ձեռքբերումներուն եւ խնդիրներուն:

Նախագահը ընդգծած է, որ նախորդ տարին եղած է բաւական բարդ ու ծանր հանրապետութեան, ժողովուրդին եւ տնտեսութեան համար, երկրին տնտեսական բնականոն զարգացումը մեծ հարուած ստացած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով, որ իր ազդեցութիւնը ունեցած է տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերուն վրայ:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ հակառակ բոլոր բարդութիւններուն, 2016-ին կարելի եղած է պահպանել տնտեսութեան զարգացման նախատեսուած կշռոյթը, դրական թափ տրուած է տնտեսութեան հիմնական ճիւղերուն, արձանագրուած է համախառն ներքին արտադրութեան 9 առ հարիւրի տնտեսական աճ:

Միաժամանակ, նախագահը կառավարութեան յանձնարարած է խոր վերլուծութեան ենթարկել տարուան արդիւնքները` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով այն հարցերուն եւ բացթողումներուն, որոնք տեղ գտած են աշխատանքին մէջ, եւ ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներու` զանոնք վերացնելու ուղղութեամբ:

Խօսելով 2017 թուականի կատարելիքներուն մասին` երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ  անհրաժեշտ է բարձր մակարդակի վրայ պահել տարուող աշխատանքներուն որակը, համակարգուածութեան աստիճանը,  պարտականութիւններու կատարումը, արդիւնաւէտօրէն օգտագործել պետական միջոցները: «Այդ բոլորը, որ ընդունուած են համապատասխան օրէնքներով եւ կառավարութեան որոշումներով, անհրաժեշտ է իրականացնել անվերապահօրէն եւ հետեւողական ձեւով», նշած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը` յստակ յանձնարարականներ տալով նախատեսուած ծրագիրներու պատշաճ իրականացման համար:

 

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է ՀՕՄ-ի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

«Հայկական Սփիւռքի Ներուժը Մեր Խաղաքարտն Է» Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.