
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդականներէն Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց. «Իրան կտրականապէս կը մերժէ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցութիւնը»:
«Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցիլը դուռը պիտի բանայ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ սուրիական կառավարութիւնը տապալել ձախողածներուն ներկայութեան դիմաց», ընդգծեց Վիլայեթի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, իր կարգին անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան հարցին, յայտարարեց. «Մենք զիրենք չենք հրաւիրած»:
Մէկ օր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած էր, որ Մոսկուա ճիշդ կը նկատէ Ղազախստանի մայրաքաղաք հրաւիրել ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի ներկայացուցիչները:
Ան ընդգծած էր, որ ատիկա պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Թրամփի վարչակազմին հետ առաջին հանդիպումը, որուն ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ քննարկել Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղուած արդիւնաւէտ քայլերը:
Ասթանայի մէջ Սուրիոյ հարցի լուծման նուիրուած բանակցութիւնները նախատեսուած են 23 յունուարին:
Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա ամերիկեան նոր վարչակազմին հրաւէր պիտի յղէ մասնակցելու Ասթանայի ժողովին` հակառակ իրանեան ընդդիմութեան:
Նշենք, որ Զարիֆ երէկ Տաւոսի մէջ յայտարարեց. «Իրանն ու Սէուտական Արաբիան Սուրիոյ հարցին շուրջ պէտք է գործակցին»:


