Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ . Թոմ Եանկի Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնն Ու Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսը

January 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 12 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Հայկազեան» համալսարանին կազմակերպութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ամբողջական շրջանակ` Պէյրութէն Նիւ Եորք» (Ֆուլ սըրքըլ, ֆրամ Պէյրութ թու Նիւ Եորք) ժապաւէնի ցուցադրութիւնը եւ գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսը, որոնց հեղինակն է բրիտանացի Թոմ Եանկ: Ժապաւէնին բեմադրիչներն են Թոնի Խուրի եւ Ճեքսըն Ալլըրզ:

tom-3_11217

Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարեց «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, թէ ուրախալի եւ յատկանշական է, որ ներկայ են Հայաստանի եւ  Բրիտանիոյ դեսպանները` իրենց տիկիններով, որոնք շրջապատուած են Լիբանանի կառավարութեան երկու հայ նախարարներով` Աւետիս Կիտանեան եւ Ժան Օղասապեան:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող շէնքին մէջ, որուն երկրաչափն է Եուսեֆ Աֆթիմոս: Ան յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ Հայկազեանի մշակութային շէնքին մէջ կը հիւրընկալուին Թոմ Եանկի ժապաւէնն ու գեղանկարչական գործերը:

Երեկոն ընթացք առաւ ցուցադրութեամբ Թոմ Եանկի երեք կարճ ժապաւէններուն, որոնք մէկ ամբողջական նիւթի մաս կը կազմեն:

tom-2_11217

Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու Թոմ Եանկի, որմէ ետք անոնք ըմբոշխնեցին անոր գեղանկարչական գործերը:

Թոմ Եանկի սոյն ժապաւէնի պատրաստութեան ճամբան կը սկսի, երբ ան դէմ յանդիման կը գտնուի մշակութային ժառանգութեան պատկանող մեծ տան մը առջեւ եւ կը զմայլի այդ կոթողին գեղեցկութեամբ: Ան մուտք կը գործէ այդ տունը, որ կը գտնուի Պէյրութի Ժըմմէյզէ շրջանին մէջ: Տունը, որ վերանորոգութեան կ՛ենթարկուէր, պատմական էջը պիտի բանար հայ ընտանիքի մը, որուն անդամները Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին արդէն ապաստանած էին Նիւ Եորք: Թոմ Եանկ այդ տան մէջ կը գտնէ իրեր եւ լուսանկարներ, որոնք կը պատկանէին այդ գերդաստանին, որ կը կրէր Պալումեան ազգանունը եւ որուն  երէցը` Մարտիրոս Պալումեան Ցեղասպանութեան վերապրողներէն էր: Թոմ Եանկ մշակութային այս կոթողէն, հոն գտնուած իրերէն ու լուսանկարներէն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարտիրոս Պալումեանի գերդաստանի պատմութենէն ներշնչուելով, նոյնինքն այդ տան մէջ կը ստեղծագործէ իր պատկերները, որոնք արտացոլումն են այդ տան ամբողջ պատմութեան:

tom-1_11217

Թոմ Եանկ չի բաւարարուիր ստեղծագործելով Պէյրութի մէջ, ան կ՛ուղղուի   Նիւ Եորք եւ մօտէն կը ծանօթանայ Պալումեան գերդաստանի ժառանգորդներուն եւ իր ստեղծագործութիւններէն մէկը, որ այդ մշակութային տան համայնապատկերն էր, կը զետեղէ Պալումեաններու Նիւ Եորքի տան պատին վրայ` ձեւով մը անոնց վերադարձնելով իրենց ժառանգութիւնը եւ յիշողութիւնները:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 17 յունուար 2017, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:

 

 

Նախորդը

Քլարա Սֆէյրի «Ալ Քալեպ» Մենապարին Հիասքանչ Ելոյթը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Գաղութի Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներու Ամանորեան Խրախճանք

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.