Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրայր Ռէյիսեան. «Հայերը Միշտ Ալ Վայելած Են Սուրիոյ Դրական Վերաբերումը»

January 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

jirayr_11017

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ համակարծիք չէ այն մօտեցումին, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը միայն հիմա դրական մօտեցում ունի հայերուն նկատմամբ: Ան հաստատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը առանց խտրականութեան հայերուն հետ կը վերաբերի իբրեւ սիրելի ժողովուրդ: «Հայերը, իբրեւ ժողովուրդ, Սուրիոյ մէջ կը վայելեն իրենց քաղաքացիական բոլոր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները եւ բնականաբար պետութեան հոգատարութիւնը», շեշտած է Ռէյիսեան: Նշենք, որ «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին արաբագէտ Հայկ Քոչարեան նկատել տուած էր, որ ներկայիս, մեկնելով պահու անհրաժեշտութենէն, Սուրիոյ մէջ հայերուն դերը աւելի շեշտուած է: Ան դիտել տուած էր, որ ժամանակին` թուրք-սուրիական մերձեցման շրջանին, կ՛արգիլուէր նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքերուն վաճառքը: «Այդ պատճառով ալ պէտք է օգտուիլ պահէն եւ զօրացնել հայկական տարրի, հայկական գործօնի ազդեցութիւնը սուրիական ներքաղաքական կեանքին մէջ», ըսած էր Քոչարեան:

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանին խօսքով` հայերը միշտ վայելած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն դրական վերաբերումը:

«Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, անիկա Սուրիոյ պետութեան ընդհանուր արտաքին քաղաքականութեան հետ առնչուած է: Սուրիան յատուկ կեցուածք չունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ճանաչումը քաղաքական որոշում է, եւ այդ է պատճառը, որ Սուրիան չի ճանչնար Ցեղասպանութիւնը: Բայց պէտք է յիշել Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սուրիացի ժողովուրդին  երախտագիտութիւնը արտայայտող մատուռը, որ կ՛արտայայտէ Սուրիոյ վերաբերումը դատին վերաբերեալ», ըսաւ ան:

Ժիրայր Ռէյիսեանի խօսքով` հիմա հայերը, ինչպէս սուրիացի ժողովուրդը, հաւասարապէս կը մասնակցին Սուրիոյ վերածնունդին եւ զարգացման հոլովոյթին:

«Հայերը` իբրեւ քաղաքացի, իրենց մասնակցութիւնը ունին Սուրիոյ  ներքին քաղաքական կեանքին մէջ: Այնպէս որ հաւանական է, որ հայերը  իրենց քաղաքական կշիռը բարձրացնեն Սուրիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ», ըսաւ ան:

Ան նաեւ գնահատեց Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակը` նշելով, որ Հալէպի մեծ մասը ազատագրուած է, Սուրիան բաւականաչափ ազատագրուած է  ահաբեկչական խմբաւորումներէն:

«Ժողովուրդը երկրի ղեկավարութեան օժանդակութեամբ երկիրը պէտք է վերականգնէ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհի Սանտի Թապեթ Ուրախութեամբ Լեցուց Պուրճ Համուտի Հայ Աշակերտներուն Սրտերը

Յաջորդը

Հրապարակուած Է Զէնք Արտադրող Մեծագոյն Երկիրներուն Ցանկը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.