Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼ ՈՒՆԵՑՈՂ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԱՍԵՐ ՏԱԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

October 10, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու քննադատած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի` Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու գծով Թուրքիոյ ուղղած կոչը` յայտնելով, որ «գաղութատիրական անցեալ ունեցող պետութիւն մը Թուրքիոյ դասեր տալու իրաւունք չունի»:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններէն Սինան Օղան «ՍալամՆիուզ»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Սարքոզի Թուրքիոյ դէմ «պաղ պատերազմի» սկսած է: Ան ըսած է, որ Սարքոզի Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ կ՛ուզէ ֆրանսահայ համայնքի համակրանքը շահիլ, եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ իր հարաւկովկասեան այցելութեան ընթացքին յատուկ տեղ յատկացուցած է Հայաստանին:

Ընդգծելով, որ Անգարա Սարքոզիին համարժէք պատասխան պիտի տայ, Օղան ըսած է, որ «բնականաբար, Թուրքիա պիտի պատասխանէ Ֆրանսայի նախագահին, սակայն հիմա պէտք չէ այնպիսի քայլերու ձեռնարկէ, որոնք պիտի օգնեն Սարքոզիին ուշադրութեան կեդրոն մնալու»:

Մինչ այդ, «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ալթան Թան Մարտինի «Արթուքլու» համալսարանին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է 1915-ին հայերու դէմ կատարուած ջարդերուն եւ անոնց տուած է ցեղասպանութիւն բնորոշումը:

«1915-ին տեղի ունեցած հայկական կոտորածները ես` իբրեւ քաղաքական գործիչ, կը բնութագրեմ իբրեւ Ցեղասպանութիւն», ըսած է Թան` աւելցնելով, որ «մենք այդ իրադարձութիւնները ինչպէս ալ բնութագրենք` ցեղասպանութիւն, ճենուսիտ, Մեծ եղեռն, փորձենք յստակացնել` այդ իրադարձութիւնները ծրագրուա՞ծ եղած են, թէ՞ ոչ. ո՞վ իրականացուցած է, Իթթիհատ վէ Թերաքքիի կուսակցութի՞ւնը, թէ՞ բոլոր թուրքերը, քիւրտերը եւ իսլամները, ամէն պարագայի, կարեւորը հետեւանքն է: Իսկ այդ իրադարձութիւններուն հետեւանքը այն է, որ շրջանը ժամանակին ունէր 13 միլիոն բնակչութիւն, որմէ 1.2 միլիոնը հայեր էին: Իսկ այսօր Թուրքիոյ Հանրապետութեան բնակչութիւնը կը կազմէ 75 միլիոն, սակայն հայերը ընդամէնը 40 հազար են»:

Միւս կողմէ, Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Ազիզ Պութաֆլիքայի անձնական ներկայացուցիչ, պետական նախարար Ապտել Ազիզ Պելխատեմ Ալճերիոյ պետական ձայնասփիւռի կայանին կատարած իր մէկ յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Սարքոզիի Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութենէն ետք, «Ֆրանսա պէտք է ճանչնայ 1830-1962 Ալճերիոյ բռնագրաւման տարիներուն ընթացքին իր գործածը»:

Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Քլոտ Կիան եւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին Անգարայի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը, ըստ որուն, պիտի յստակացուի նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած անդամները Թուրքիոյ արտայանձնելու հոլովոյթը:

 

 

Նախորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ 32 ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՃԱՆՉՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԶՕՐԱՀԱՒԱՔԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.