
Երէկ երեկոյեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ նախագահական պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ներկայացուց տնտեսական խորհուրդներուն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան երկու պետերը քննարկեցին նաեւ կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստին օրակարգը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ անոր կատարելիք այցելութեան օրակարգը:
Նշենք, որ զօր. Քահուաժի երէկ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներու պիտի ներկայացնէ լիբանանեան բանակին վերաբերող կարիքներու շարք մը` նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջարկուած զինուորական օժանդակութիւններու խոստումները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շեշտեց ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու իմաստով օրէնք մը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կը զօրակցի այդ օրէնքին, որ կ՛արտօնէ Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի աշխատանքներուն սկզբնաւորման անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ այդ խորհուրդն է տնտեսական բոլոր խորհուրդներուն միջեւ երկխօսութիւն եւ խորհրդակցութիւն կատարելու իտէալ վայրը:
Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ նախագահեց տնտեսագէտներու նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւման հեռանկարները:


