Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆ ՈՒ ԱՏՆԱՆ ՍԷՅԻՏ ՀԻՒՍԷՅՆԸ

October 10, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ շաբաթավերջին ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք կը շարունակեն քննարկել Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջները` աւելցնելով, որ կարելի է յանգիլ բոլորին պահանջները գոհացնող լուծումի մը:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ իրենք նախանձախնդիր են երկրին ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները կը ջանայ կատարել առանց բացթողումներու եւ թերացումներու` նկատի ունենալով երկրին եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«Մեզի համար հիմնական շահը Լիբանանին շահն է, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը», շեշտեց Միքաթի:

Սէյիտ Հիւսէյն եւ Պըրրի

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նոր նշանակուած նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:

Նշենք, որ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` անոր մօր մահուան առիթով:

Միւս կողմէ, Պըրրի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը կը հերքէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան վարչապետ Միքաթին տեղեակ պահած են, թէ իրենք կը մերժեն Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, տակաւին բաւական ժամանակ կայ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման մասին խօսելու. անոնք աւելցուցին, որ Պըրրի եւ Հըզպալլա կը մերժեն այս հանգրուանին եւ նման պայմաններու ներքեւ Լիբանանի կառավարութեան հրաժարումը:

 

Նախորդը

ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԻԱ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏՈՂ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.