
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ, ներկայութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը պիտի արծարծէ այլ երկիրներ կատարելիք իր այցելութիւններուն ընթացքին:
«Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք բացայայտելու համար բանակայիններուն ճակատագիրը», հաստատեց ան:
Իր կարգին, Իպրահիմ շեշտեց, որ նախագահ Աուն օրական դրութեամբ կը հետեւի առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին` աւելցնելով, որ իրենք յոյս ունին, թէ այդ հարցը բարի աւարտ մը կ՛ունենայ:
Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու գծով բանակցութիւններ կը կատարուին թիւ 13-րդ միջնորդին հետ:
Հանդիպումէն ետք առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Հասան Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենց զաւակներուն թղթածրարին հարցով դրական լուրերու կը սպասուին: Ան շեշտեց, որ իրենց համար Իպրահիմի խօսքերը սահմանադրութեան համազօր են:
Իր կարգին, Նիզամ Մղէյթ` առեւանգուած բանակային Իպրահիմ Մղէյթի եղբայրը, յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը եղած է դրական: Ան նշեց, որ իրենց հարազատներուն թղթածրարին գծով նոր տուեալներ կան եւ մօտիկ ապագային աւետիսներու կը սպասուի:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին նախագահելէ առաջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Ապա ան նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հարիրի, ապահովական կառոյցի պետերը եւ շարք մը նախարարներ:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ահաբեկչական խմբաւորումներուն կանխահաս հարուածներ հասցնելու կարեւորութիւնը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ապահովական կառոյցներուն գործունէութեան վերաբերող ցուցմունքներ տուաւ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:


