Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռոհինկիա Իսլամներու Դէմ Ցեղասպանութեան Փաստեր Գոյութիւն Չունին» Կ՛ըսէ Միանմար

January 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

rohingya_1417

Միանմարի կառավարութեան կողմէ կազմուած յանձնախումբ մը յայտնեց, որ առայժմ չէ գտած որեւէ փաստ, թէ Ռախին նահանգին մէջ ռոհինկայա իսլամներու դէմ կը գործուի ցեղասպանութիւն:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ յանձնախումբը իր նախնական զեկուցումին մէջ նաեւ յայտնած է, որ համատարած բռնաբարումներու պնդումները հաստատող որեւէ փաստ չէ գտած:

Նախնական զեկուցումին մէջ ապահովական ուժերու կողմէ գործուած սպանութիւններուն վերաբերեալ որեւէ նշում չկայ:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ հոկտեմբերին Միանմարի Ռախին նահանգին մէջ երկրի բանակին ըմբոստներուն դէմ շղթայազերծած գործողութեան ընթացքին ռոհինկայա ժողովուրդին դէմ ոտնձգութեանց վերաբերեալ իրերայաջորդ տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած են: Ոմանք մինչեւ իսկ ըսած են, որ պետութեան քայլերը համազօր են ցեղային մաքրագործման, եւ Միանմարի տէ ֆաքթօ ղեկավար, Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակակիր Անկ Սան Սու Չի միջազգային քննադատութեան ենթարկուած է:

Միանմարի կառավարութեան կողմէ կազմուած եւ նախկին զօրավար Մինթ Սուէի ղեկավարութեամբ յանձնախումբը իր վերջնական եզրակացութիւնները պիտի ներկայացնէ այս ամսուան աւարտէն առաջ:

Լրագրողներու եւ հետաքննիչներու Ռախին նահանգ մուտքը արգիլուած է, ինչ որ կը դժուարացնէ պնդումներուն անկախ ստուգումը:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

Յաջորդը

Մամլոյ 122-րդ Լսարան. Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Ներկայացուց Թուրքիոյ Վերջին Զարգացումները` Ներքին-Արտաքին Ուղղութիւններով

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.