Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ առեւտրական Ամին Պաքրի Անկոլայի մէջ սպաննուեցաւ` անծանօթներու կողմէ կրակոցի ենթարկուելով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան պետութիւնը` իր հաստատութիւններուն վրայ իր հակակշիռը բանեցնելու եւ դէպի օրէնքի պետութիւն ուղղուելու առիթով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարելիք առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ դէպի Սէուտական Արաբիա, աւելցնելով, որ այդ շրջապտոյտին մէջ պիտի ըլլան նաեւ Քաթարը, Եգիպտոսն ու Յորդանանը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս կոչ ուղղեց կառավարութեան լուրջ աշխատանքի ձեռնարկելու, նոյնիսկ եթէ կառավարութեան պաշտօնավարութեան նստաշրջանը կարճ է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը զարմանք յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ընտրական օրէնքին նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութեան առնչութեամբ: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է առաջնահերթութիւն նկատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Իյալի մէջ ձերբակալեց 7 սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապի մէջ էին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը ծայրայեղ մտքի կամ ծայրայեղականութեան ատակ ենթահող չէ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս շնորհաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերն ու սպաները` Նոր տարուան գիշերը ապահովութեան հսկելու իմաստով անոնց գործադրած ճիգերուն համար: Ան նշեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ օդը կրակողները հաշուետուութեան պիտի կանչուին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ եթէ մինչեւ 20 փետրուար կարելի չըլլայ ընտրական օրէնք մը վաւերացնել, ապա պիտի որդեգրուի 1960-ի ընտրական օրէնքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի վաւերացնելու խառն ընտրական օրինագիծ մը, որ պիտի ըլլայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Մուսթաքպալ-Լիբանանեան ուժեր-Ժոմպլաթ եռեակին կողմէ ներկայացուած ընտրական օրինագիծերուն համադրումը:

ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ի վեր զբօսաշրջութեան մարզը 20 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Սահնաուիի համաձայն, կառավարութիւնը պիտի պաշտօնազրկէ «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆը եւ անոր փոխարէն պիտի նշանակէ Իմատ Քրայտիէն:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Հաւաքական Յիշողութիւնը Նաեւ Զբօսաշրջութեան Համար Պարտադիր Է

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Խառն Ընտրական Օրէնքին Նկատմամբ Իր Կառչածութիւնը Յայտնեց

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.