Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Հելվաճեանի Թատերական Գործունէութեան 40-Ամեակ

December 31, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

helvadjian_123116

Բեմադրիչ, դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբը հիմնեց 13 ապրիլ 1977-ին եւ նոյն ամսուան 24-ին մկրտեց զայն «Կոմիտաս» անունով:

«Կոմիտաս» թատերախումբը սկսաւ իր թատերական երթը` իր շուրջ համախմբելով վաթսուն դերակատար-դերակատարուհիներով: Բեմը սիրող նուիրեալ պարման-պարմանուհիները Հելվաճեանի կողքին սկսան գործել եւ 1978-ի ապրիլ 24-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմին վրայ  Հելվաճեան բեմադրեց իր առաջին թատերախաղը` Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի հեղինակութիւնը եղող «Նուարդը»: Օրին հայկական մամուլը գովասանքով մօտեցաւ թատերական այս երեւոյթին` վեր առնելով Հելվաճեանի խիզախ եւ նուիրեալ, լուրջ մօտեցումը թատրոնին հանդէպ:

Երթը կը շարունակուի մինչեւ օրս: Հելվաճեան 40 տարուան մէջ լիբանանահայ հանրութեան եւ դպրոցներու աշակերտութեան հրամցուց հայկական ընտիր նիւթեր եւ հեքիաթներ: Հելվաճեանի բեմադրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունեցան հայկական նիւթերը:  Հելվաճեան Պարոնեանի գրեթէ բոլոր թատերախաղերը բեմադրած է. «Արեւելեան ատամնաբուժը», «Շողոքորթը», «Ալաֆրանկան», «Երկու տիրոջ մէկ ծառայ», «Քաղաքավարութեան վնասները», «Սիրոյ միջնորդները»: Հելվաճեան Երուանդ Օտեանէն եւ Պետրոս Դուրեանէն բեմադրած է հետեւեալ թատերախաղերը` «Թաղականին կնիկը» եւ «Թատրոն կամ թշուառներ»:

Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով ան բեմադրած է «Գիգորը»: Յաջորդաբար հայկական դպրոցներու բեմերուն վրայ բեմադրած է «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Մի կաթիլ մեղր»-ը:  Հելվաճեան նաեւ բեմադրած է իր հեղինակած 17 թատերախաղերը, Սեդրակ Էսմէրեանի հեղինակութեամբ երեք թատերախաղ, հայրենի հեքիաթագիր` Մուշեղ Յակոբեանէն մէկ հեքիաթ`«Ոսկի խրատը»: Գաղութի հայ աշակերտութիւնը վայելած է Հելվաճեանի այս բեմադրութիւնը:

helvadjian_othello_123116

Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբին 15-ամեակը յիշատակած է, բեմադրելով Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ն 1992-ին, իսկ յաջորդ տարի` 1993-ին  Հելվաճեան «Օթելլօ»-ն բեմադրած է նաեւ արաբերէնով: 1989-ին Հելվաճեան բացառիկ բեմադրութեամբ եւ խաղարկութեամբ  բեմադրած է Մոլիէրի «Ագահը», այնքան յաջող, որ բեմադրութիւնը մնացած է բեմին վրայ երեք ամիս:  Հելվաճեան իր «Ագահը»  42 ելոյթներով ներկայացուցած է: Մոլիէրէն բեմադրած է նաեւ «Լէօ  Պարպուլիէն»:

Մուշեղ Իշխանի մահուան  20-ամեակին առիթով Հելվաճեան բեմադրած է «Կիլիկիոյ արքան», իսկ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով բեմ բարձրացուց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը:

Իսկ այս տարի ան իր թատերական 40-ամեակը կը տօնակատարէ դարձեալ բեմադրելով Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ն:

Բարի երթ Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան: Վարձքը կատար հայ դերասանին, քանզի մշակը արժանի է իր վարձքին:

«ԿՈՄԻՏԱՍ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Մաւրը Զառիթափի Վրայ Կամ` Խաւաքարտէ Դղեակը

Յաջորդը

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ` Ս. Ծննդեան Պատարագը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

August 13, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Հակիրճ Ակնարկ` Շարժապատկերի Երեւանեան Հակիրճ Ժապաւէններու Փառատօնին Շուրջ

August 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.