Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեկան Մեծ Ասուլիսին Ժամանակ. «Ռուսիոյ Դեսպանի Սպանութիւնը Պիտի Չխոչընդոտէ Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները» Ըսաւ Փութին

December 24, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

putin_122316

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի միջազգային Առեւտուրի կեդրոնին մէջ աւելի քան 1400 լրագրողներու մասնակցութեամբ ունեցաւ իր 12-րդ տարեկան մեծ ասուլիսը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիան չի պատրաստուիր միջամտելու Իրաքի ներքին հարցերուն:

Ան նշեց, որ իր երկիրը միշտ ալ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած է քիւրտ ժողովուրդին հետ: Ինչ կը վերաբերի քիւրտերու անկախութեան եւ գերիշխանութեան, Փութինի կարծիքով` պէտք է գործել միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ: «Քիւրտ ժողովուրդի օրինական իրաւունքները, վերջին հաշուով, պիտի ապահովուին, սակայն թէ ի՛նչ ձեւաչափով` ատիկա կախեալ է Իրաքէն եւ ինքնին քիւրտ ժողովուրդէն», ըսաւ ան:

Փութին յայտարարեց, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութիւնը պիտի չխանգարէ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ ատիկա նախ եւ առաջ յարձակում էր Ռուսիոյ դէմ, ռուս-թրքական յարաբերութիւններու դէմ:

«Անկեղծ ըսեմ, որ ես թերահաւատօրէն կը վերաբերէի այն վարկածին, որ «Սու-24» օդանաւը վար առնուած է առանց Թուրքիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան հրամանին, այլ` ռուս-թրքական յարաբերութիւնները վնասել ուզող մարդոց կողմէ: Սակայն այժմ, յատուկ նշանակութեան ջոկատի աշխատակիցի մը կողմէ Ռուսիոյ դեսպանին դէմ կատարուած յարձակումէն ետք, ես արդէն կը սկսիմ փոխել կարծիքս: Ինծի արդէն կը թուի, որ ամէն ինչ կարելի է: Կործանարար տարրերու ներթափանցումը պետական կառոյցներ, ներառեալ բանակ, իրաւապահ մարմիններ, ի հարկէ, խոր բնոյթ ունի», ըսաւ ան:

Փութին աւելցուց, որ այժմ ինքն իրեն իրաւունք չի տար սլաքները որոշակի ուղղութեամբ ուղղելու, ոեւէ մէկը մեղադրելու: Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութիւնը պիտի չխանգարէ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, որովհետեւ Ռուսիա կը գիտակցի անոնց կարեւորութեան: «Պիտի խանգարէ՞ արդեօք ատիկա ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, ո՛չ, պիտի չխանգարէ, որովհետեւ մենք կը հասկնանք ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը եւ ամէն ձեւով պիտի ձգտինք զանոնք զարգացնել: Մենք յաջողած ենք յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ետք փոխզիջումներ գտնել, եւ յոյս ունինք, որ այդ փոխզիջումները պիտի գտնենք նաեւ ապագային», նշեց Փութին:

 

 

Նախորդը

Միլանոյի Մէջ Սպաննուած Է Պերլինի Յարձակումին Կասկածեալը

Յաջորդը

«Իրան Մտադիր Է Ընդլայնել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.