Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլուն` Քերրիին. «Թուրքիան Ալ, Ռուսիան Ալ Գիտեն, Որ Դեսպանի Սպանութեան Ետին Կանգնած Են Կիւլենականները»

December 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

cavus_122116

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ 19 դեկտեմբերին Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութիւնը կատարած թուրք ոստիկանը յստակ կապ ունեցած է թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին հետ:

«Թուրքիան ալ, Ռուսիան ալ գիտեն, որ յարձակումին ետին կանգնած են կիւլենականներ», ըսած է Չաւուշօղլու:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը քննարկած են Մոսկուայի մէջ եռակողմ` Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան հանդիպումին արդիւնքները: Խօսուած է նաեւ կիպրական հարցին մասին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ իր երկիրը որեւէ կապ չունի Ռուսիոյ դեսպանին սպանութեան հետ` աւելցնելով, որ յանցագործութեան դրդապատճառներու մասին ենթադրութիւններ կատարելը տակաւին կանուխ է:

«Արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ զրոյցի ընթացքին իր մտահոգութիւնը յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ կը խօսուի սարսափելի սպանութեան գործին մէջ ամերիկեան մասնակցութեան մասին», ըսաւ Քըրպի` նշելով, որ այդպիսի խօսակցութիւններու համար առիթ կը հանդիսանայ այն փաստը, որ Կիւլեն ներկայիս կը բնակի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ըստ Քըրպիի, Չաւուշօղլուի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին Քերրի ըսած է, որ այդպիսի մեղադրանքները բացարձակ սուտ են եւ որեւէ ձեւով հիմնուած չեն ճշմարտութեան վրայ:

Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ տակաւին շատ կանուխ է ճշդելու համար, թէ ո՛վ կը կանգնի Ռուսիոյ դեսպանին ահաբեկման ետին:

 

Նախորդը

Տուման Դատապարտեց Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Սպանութիւնը

Յաջորդը

Ժէյշուլ Ֆաթհ Ստանձնեց Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Սպանութեան Պատասխանատուութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.