Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Ծայրայեղ Հակասութիւն

December 17, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Մէկ կողմէն Հալէպի ազատագրութեան առիթով շնորհաւորանքներ, ուրախութեան, խանդավառութեան եւ յուսադրութեան դրսեւորումներ, միւս կողմէ` ցաւակցական-զօրակցական գրառումներ, ահազանգային կոչեր, սրտաճմլիկ տեսարաններ, դատապարտումներ: Ծայրայե՛ղ հակասութիւն:

Չե՛մ շուարած… Չե՛մ ապշած… Կը ջանամ առարկայական մնալ, հակառակ որ ենթակայական ըլլալու կամ ենթակայականութեան ազդեցութեան տակ իյնալու շա՜տ պատճառներ ունիմ, որովհետեւ անցնող հինգ տարիներուն անձնական, ընտանեկան ու հաւաքական մակարդակներու վրայ ծանրօրէն տուժեցինք ու կը շարունակենք վնասներ կրել: Իրաւունք չունիմ ըսելու` «Գիտեմ` ի՛նչ է պատահածը», որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ ամբողջական պատկերն ու իրականութիւնը տեսնել պատահածներուն: Կը ջանամ պատահածները քիչ թէ շատ վերլուծել` հեռու զուտ զգացական մօտեցումներէ եւ ընդունիլ, թէ Հալէպի ճակատամարտը թերեւս իր աւարտին կը հասնի, բայց սուրիական պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, ու մօտալուտ աւարտի նախանշաններ չկան:

Հալէպի մէջ պատահածը լոկ յաղթանակ-պարտութիւն բնական ուժաբանութեան (dynamics) սահմաններուն մէջ պէտք չէ դիտել: Պատահածը միա՛յն սուրիական պառակտուած ընկերութեան բնական դրսեւորումն ու տակաւին աճող ոխի ու փոխադարձ մեղադրանքներու հետեւանքները չե՛ն: Պատահածը մասնատուած ու հակադրուած միջազգային ընտանիքի, հակասական շահերու եւ ուժային-դաւադրական քաղաքականութեան հետեւանքներ են: Պատահածը միջազգային հակամարտութիւնները լուծելու համաշխարհային առողջ համակարգի բացակայութեան անմիջական հետեւանքներն են, կրօններու, յարանուանութիւններու եւ գաղափարախօսութիւններու չարաշահման ու զեղծարարութեան, ինչպէս նաեւ համատարած տգիտութեան, նիւթական անհաւասարութեան ու ընկերատնտեսական անբաւարարուածութեան հետեւանքներ են եւ այլն:

Բաւականին խրթին այս պատկերին, աւելի ճիշդ` քաոսին մէջ երկու բան կը շարունակեն անտեսուած մնալ` համամարդկային արժանապատւութիւնն ու ճշմարտութիւնը… Ուրախութեան աղաղակներուն եւ ցաւի ճիչերուն միջեւ կը քալեն անոնք, ե՞րբ անոնց առաջնահերթութիւն պիտի տանք…

Վիեննա 14, 12, 2016

Նախորդը

Օդը Շատ Տա՞ք

Յաջորդը

«Սուրիական Օրագրութիւն» Հատորի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.