Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի 10 Մեծ Հարկ Վճարող Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներուն Հետ

December 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garen_121416

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 14 դեկտեմբերին կառավարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի 10 մեծ հարկ վճարող կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ` լսելու անոնց գործունէութիւնը խոչընդոտող խնդիրները եւ կառավարութենէն ակնկալուող այն քայլերը, որոնք բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծեն հետագայ զարգացման համար:

Հարկատուները, խօսելով զիրենք յուզող խնդիրներուն մասին, անդրադարձած են հարկային բարձր վճարումներուն, հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, մաքսազերծման ժամկէտներու կրճատման, մրցակցային դաշտին վերաբերող տարբեր հարցերու:

Անդրադառնալով բարձր հարկերու հարցին` վարչապետը նշած է, որ յաջորդ տարի պէտք է միասնաբար աշխատին` Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Պետական եկամուտներու կոմիտէին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել որոշ ժամանակացոյց:

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ վառելանիւթի շուկային մէջ մրցակցութեան աշխուժացման իբրեւ արդիւնք խոշորագոյն ներկրող ընկերութիւնները կ՛աշխատին զերօ շահոյթով` վարչապետ Կարապետեան նշած է, որ մրցակցային դաշտը ինքնիրեն պիտի կարգաւորէ:

Հանրային ծառայութիւններ մատուցող մեծ կազմակերպութիւններն ալ անդրադարձած են ենթակառոյցներու բարելաւման եւ օրինաչափական դաշտին առնչուած խնդիրներուն: Քննարկուած են նաեւ մեծ հարկ վճարող ընկերութիւններու գործունէութեան ընդլայնման, արտադրական ծաւալներու յաւելման, տնտեսութեան հետագայ զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Կառավարութեան ղեկավարը առաջարկած է շահագրգիռ նախարարութիւններուն հետ ձեւաւորել հարթակ` բարձրացուած խնդիրները աւելի մանրամասնօրէն քննարկելու, մնայուն կապի մէջ ըլլալու եւ պետութիւն սեփական մարզ երկխօսութիւնը զարգացնելու համար:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Կը Քննարկէ Պաշտօնատարներու Ապօրինի Հարստացումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Յաջորդը

«1000 Դրամ» Նախագիծը Երկրորդ Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.