
Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին յայտարարած է, որ քննարկուող «Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծերուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելով` կ՛առաջարկուի պատասխանատուութիւն նախատեսել յայտարարագիր ներկայացնելու պարտաւորութիւն ունեցող պաշտօնատար այն անձերուն, որոնք արձանագրած են գոյքի յաւելում կամ պարտաւորութիւններու նուազում` առանց հիմնաւորելու գոյացած եկամուտները: Այս մասին կը գրէ Տիանա Ղազարեան:
Նախարարը ակնյայտ կը նկատէ այն, որ այս օրէնքի նախագիծը կը վերաբերի ապօրինի հարստացման եւ անոր քրէականացման: «Ապօրինի հարստացումը կը դրսեւորուի պաշտօնատար անձի կողմէ գոյքի էական յաւելումով կամ պարտաւորութիւններու էական նուազումով: Միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, որ բոլոր պարագաներուն խօսքը կը վերաբերի նուազագոյն աշխատավարձի սահմանը գերազանցող կամ միջին չափի որոշակի գումարի մասին, որուն համար հետեւեալ հիմնաւորումը կը տրուի` իրաւապահ մարմինները պէտք չէ իրենց ջանքերը փոշիացնեն մանր խախտումները հետապնդելով. այդ պատճառով միշտ կը սահմանուի որոշակի էական չափ: Օրինակ` Սլովաքիոյ մէջ այդ չափը նուազագոյն աշխատավարձի 1500-ապատիկն է` շուրջ 500 հազար եւրոյին համարժէք գումար», դիտել տուած է Յովհաննիսեան:
Ըստ նախարարին, Հայաստանի մէջ սահմանուած է յայտարարագիր ներկայացնող բարձրագոյն եւ նուազագոյն պաշտօնի վրայ եղողներուն աշխատավարձերու միջին թուաբանականը` վեց ամսուան դրութեամբ:
Ըստ օրէնքի նախագիծին, ապօրինի հարստացման յանցանք ունենալով կրնան ամբաստանուիլ յայտարարագիր ներկայացնող այն անձերը, որոնք պաշտօնատար են եւ կամ անոր հետ ուղղակի կապ ունեցող:
Իսկ իբրեւ ապօրինի հարստացման պատիժ նկատի առնուած է ազատազրկումը կամ որոշակի պաշտօններ զբաղեցնելու, որոշ գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն զրկումը:
Նախարարին դիտարկումով` «ամէնէն վիճելի, խնդրայարոյց եւ ամէնէն շատ քննարկուած հարցերէն եղած է ապօրինի հարստացման ապացուցման բեռն ու անմեղութեան կանխավարկածի յարաբերակցութիւնը»:
Մէջբերելով միջազգային փորձը` Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ տարբեր երկիրներու մէջ ապօրինի հարստացման հոլովոյթը քրէականացուած է, սակայն իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է հաշուի առնէ իր երկրի իրաւական համակարգի առանձնայատկութիւնները: Յիշեցնելով միջազգային ուխտերն ու փորձառութիւնը` նախարարը նշած է, որ կրնան ըլլալ իրավիճակներ, երբ խորքին մէջ ապացուցման բեռը պէտք է դրուի ոչ թէ համապատասխան մարմինի, այլ իրաւասու պաշտօնատար անձին վրայ: Այս առումով փորձած են աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում ամրագրել, մասնաւորապէս վարոյթ իրականացող մարմինին վրայ «պիտի դրուի» պարտականութիւնը` ապացուցելու, որ պաշտօնատար անձը ունի գոյքի էական յաւելում կամ պարտաւորութիւններու էական նուազում, որոնք չեն համապատասխաներ անոր յայտարարագրած օրինական եկամուտներուն:
Անմեղութեան կանխավարկածի համար Յովհաննիսեան ասիկա շատ կարեւոր գործօն կը նկատէ: Այսինքն, եթէ պաշտօնատար անձը յայտարարագիր ներկայացնէ որոշակի օրինական եկամուտներու մասին, իսկ իրաւասու պետական մարմինը բացայայտէ, որ կան այդպիսի օրինական եկամուտներ, գոյքի յաւելում եւ պարտաւորութեան նուազում, որ չի համապատասխաներ օրինական եկամուտներուն, պաշտօնատար անձը պարտաւոր է ապացուցել, որ գոյքի յաւելումը օրինական եկամուտներով պայմանաւորուած է:


