
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երեքշաբթի օր այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի` գլխաւորելով պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց զարգացման վրայ, յատկապէս` զբօսաշրջական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ, քաղաքական խիստ լաւ ու սերտ յարաբերութեանց կողքին:
Այս առիթով Յակոբեան նախարար Ֆարաոնը հրաւիրեց յառաջիկայ ամիս այցելելու Հայաստան` քննարկելու համար երկու պետութեանց միջեւ զբօսաշրջութեան մարզի յարաբերութեանց աշխուժացման կարելիութիւնները: Արծարծուեցան նաեւ Հայաստանի ենթակառոյցի զարգացման գծով հմտութեան միջազգային վարկ վայելող` լիբանանցի գործարարներու ներդրումով լիբանանեան փորձառութենէն եւ հմտութիւններէն օգտուելու կարելիութիւնները:
Իր կարգին, նախարար Ֆարաոն բարձր գնահատեց լիբանանահայերու դերը` իբրեւ սիրելի եւ կարեւոր մասնիկ մը լիբանանեան ազգային հիւսուածքին մէջ: Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարը խոստացաւ ընդառաջել նախարար Յակոբեանի հրաւէրին` ընդգծելով, որ նման քայլ մը կը ծառայէ առաւել եւս սերտացնելու եւ ամրագրելու հայեւլիբանանեան յարաբերութիւնները` նշելով իր անձնական թէ ընտանեկան սերտ կապերը լիբանանահայ ընկերութեան հետ:


