Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարին Հանդիպումը Լիբանանի Հայ Աւետարանական Առաջնորդներուն Հետ

December 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

min-hranush-_hay-aved_121116

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին  Հայ աւետարանական համագումարներու կեդրոն` ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներուն, Կրթական խորհուրդին, վարժարաններու տնօրէններուն, ընկերային գործիչներուն եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախարարին կ՛ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, դեսպանատան անձնակազմը:

ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ողջունեց նախարարը եւ կարգ մը նշումներ կատարեց ՔՋԱԿ-ի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին, ուր հարիւրաւոր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ հոգեպէս կը դաստիարակուին, յատկապէս ամառնային համագումարներու ընթացքին: Ապա ան շեշտեց սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան ծիրին մէջ տարուած փոխադարձ գնահատելի աշխատանքը` ի նպաստ հայակերտումի: Իր կարգին ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան շնորհաւորեց նախարարը իր վերընտրուելուն առթիւ եւ բարձր գնահատեց անոր ունեցած դրական ներդրումը սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ: Վերապատուելին ընդգծեց քրիստոնեայ հայու ինքնութեան կարեւորութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համար, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:

Հրանուշ Յակոբեան իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց ՔՋԱԿ-ի նման հաւաքատեղիի գոյութեան եւ առկայ գործածութեան համար:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱՀԱԵ Միութեան եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, իրենց գործակցութեան եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած նուիրումին համար:

Ներկաներէն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով, նախարարը լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ` սուրիահայերուն վիճակին, վիճակագրական տուեալներ յիշելով, ուրուագծեց անոնց թիւն ու կեանքի պայմանները, եւ շեշտեց յատկապէս Հայաստանի մէջ հալէպահայերու գործօն ներգործութիւնը:

Նախորդը

Ֆանարի Ս. Մատրան Մէջ Հանդիսաւոր Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Յաջորդը

Հալէպ Քաղաքի Ազատագրումով Վերջ Գտաւ Մեր Բոլորին Ապահովական Մղձաւանջը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.