Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախանցեալ օր Լեռնային Ղարաբաղին յարող շրջանին մէջ հայ զինուորներուն հետ փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին սպաննուած են ազրպէյճանցի երկու զինուորներ:
Հայաստանի եւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնները նախանցեալ օր յայտնեցին նոյն օրը շփման գիծի տարբեր հատուածներուն վրայ մէկ հայ զինուորի զոհուելուն եւ երկուքին վիրաւորուելուն մասին:


