Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Հանրապետութեան Նախագահը Կը Հրաւիրէ Պքերքէի Մէջ Մատուցուելիք Ս. Ծննդեան Պատարագին

December 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_rayi_120816

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը կազմուի նախքան Ս. Ծննդեան տօնը` կոչ ուղղելով զօրակցելու հանրապետութեան նախագահին, «որովհետեւ հանրապետութեան նախագահին զօրակցելով` նեցուկ կանգնած կ՛ըլլանք ամբողջ Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նախագահ Աուն տէր կը կանգնի լիբանանեան միասնականութիւնն ու Լիբանանի բարօրութիւնը պահպանելու իմաստով իր արտասանած երդման ճառին», շեշտեց ան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու Պքերքէի մէջ մատուցուելիք Ս. Ծննդեան պատարագին, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած է նախագահ Աունի` անոր որդեգրելիք բոլոր քայլերուն իմաստով:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: «Այս սկզբունքներէն մեկնելով` անհրաժեշտ կը նկատենք ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը բարգաւաճեցնել», եզրափակեց ան:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր, որ նշանակուած է Միջազգային դրամական ֆոնտի Միջին Արեւելքի, հիւսիսային Ափրիկէի, Ծոցի երկիրներու, Կեդրոնական Ասիոյ, Հայաստանի եւ Վրաստանի շրջանային տնօրէն:

Ազուր ինքզինք դրաւ նախագահին տրամադրութեան տակ եւ անոր բացատրեց իր ստանձնած պատասխանատուութիւնները:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Ազուրը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց:

Նշենք, որ Ազուր իր նոր պաշտօնը կը ստանձնէ յառաջիկայ 1 մարտ 2017-ին:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.