
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ որդեգրուած քայլերը` պաշտպանելու համար երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային կայունութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսօ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցերը, Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերաբերող հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրինագիծին մանրամասնութիւնները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Զիատ Պարուտ եւ Սելիմ Ուարտէ:


