Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ` ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

October 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակը զինելու հեռանկարները, որոնց ծիրին մէջ Ղոսըն ներկայացուց Լիբանանի տարածքին լիբանանեան բանակին ստանձնած պարտականութիւնները` ընդգծելով, որ Լիբանան կը մերժէ բոլոր այն օժանդակութիւնները, որոնք պայմանական են:

Այս ծիրին մէջ Ֆլեչըր յայտնեց Լոնտոնի պատրաստակամութիւնը` Լիբանանին օժանդակելու առումով:

Պաշտպանութեան նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ Ղոսընի հետ քննարկեց Ռուսիոյ կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի իրաւունքին օգտագործման հարցը:

Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը հաւատայ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու միջոցին եւ կը կարծէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին պէտք է առիթ տալ` գործադրելու իր խոստացած բարեկարգումները:

Զասպիքին յայտնեց նաեւ, որ Ռուսիա կը մերժէ երկրի մը գերիշխանութեան դէմ քայլեր առնել եւ անոր ներքին հարցերուն միջամտել:

Միւս կողմէ, քննարկուեցան լիբանանեան բանակին զինման կարելիութիւնները: Այս մասին Զասպիքին ըսաւ, որ բանակը կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ բանակը ազգային մեծ դերակատարութիւն ունի եւ բոլոր լիբանանցիներուն համախոհութեան արժանի է:

Ռուսիոյ դեսպանը հաստատեց, որ Մոսկուա կը փափաքի լիբանանեան բանակին օժանդակութիւններ տրամադրել եւ երկու երկիրներուն միջեւ այս իմաստով ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրել:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԵԼՈՒ ԱՐԴԱՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.