Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Մկրտչեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Աունին

December 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_armenian-ambassador_120116

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց արդէն իբրեւ դեսպանատան գործավար կամ իրենց ստանձնած պաշտօններու տեղակալի առժամեայ հանգամանքով պաշտօնավարող ինը դիւանագէտներու հաւատարմագիրները:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Սլովաքիոյ դեսպան Լուպոմիր Մաքոյի, Ինտոնեզիոյ դեսպան Ահմետ Չոզին Չումայտիի, Թունուզի դեսպան Մոհամետ Քարամ Պուտալիի, Քորէայի դեսպան Լի Եոնկ Մանի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քաճիանի, Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի եւ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշի հաւատարմագիրները:

Հաւատարմագիրներու յանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Յայտնենք, որ հաւատարմագիրներու յանձնումի արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին դեսպան Մկրտչեան նախագահ Միշել Աունին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները` մեծապէս կարեւոր նկատելով հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւնները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու դարաւոր առնչութիւններուն, պատմական ընդհանրութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի դերակատարութեան` իբրեւ երկու երկիրներու կապերու ամրապնդման առանցքային գործօն: Նախագահ Միշել Աուն ողջունեց դեսպան Մկրտչեանը` յաջողութիւն մաղթելով անոր իր առաքելութեան մէջ:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատուութեան գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներ նախագահ Աունի այցելուներուն եւ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մասին անճիշդ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն եւ կը հրատարակեն:

Հաղորդագրութիւնը լիբանանեան մամուլին եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կոչ ուղղեց նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին միջոցով ստուգել լուրը եւ ապա հրատարակել կամ սփռել զայն:

Նախորդը

Լիբանան Ձմրան Եղանակ Մուտք Գործեց «Պարպարա» Ձիւնամրրիկին Առաջնորդութեամբ

Յաջորդը

Սթոքհոլմի Մէջ Հակահայ Խօսք Արտասանած Թուրքը Ներում Կը Հայցէ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.