Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Կրնայ Իր Ամէնէն Սերտ Ընկերոջ Պէս Յոյսը Դնել Պիելոռուսիոյ Վրայ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

November 30, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lukashenko-aliyev_112916

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Ազրպէյճան կատարած իր երկօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններու ընթացքին յայտարարած է, որ Պաքու կրնայ իր ամէնէն սերտ ընկերոջ պէս յոյսը դնել Մինսքի վրայ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լուքաշենքօ ըսած է. «Դուք կրնաք ամէնէն սերտ ընկերոջ պէս ձեր յոյսերը դնել մեր վրայ: Եթէ մենք կրնանք որեւէ բանով օգտակար ըլլալ Ազրպէյճանին, ապա մենք ատիկա պիտի ընենք: Դուք լաւ գիտէք մեր կարելիութիւնները, դուք Պիելոռուսիոյ մեծ ընկերն էք: Մեր միջեւ չկան փակ նիւթեր, մենք կը համագործակցինք եւ պիտի շարունակենք համագործակցիլ բոլոր ուղղութիւններով: Մեր համագործակցութիւնը ոչ մէկու կը վնասէ: Մենք բաց ենք մեր իրականութեան նոյնիսկ ամէնէն ցաւալի հարցերուն քննարկման ժամանակ»:

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին Պիելոռուսիոյ ղեկավարը արժանացած է «Հայտար Ալիեւ» շքանշանին:

Անոր այդ շքանշանը տրուած է երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած յատուկ աւանդին համար: Շքանշանը Լուքաշենքոյին յանձնած է Իլհամ Ալիեւ:

Պիելոռուսական «Պելթա.պի» կայքը կը հաղորդէ, որ 28 նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք Ալիեւի եւ Լուքաշենքոյի հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երկու երկիրները հանդէս կու գան միջազգային իրաւունքի արժեչափերու հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օգտին:

«Կողմերը կը նշեն միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման կարեւորութիւնը նախ եւ առաջ գերիշխանութեան պահպանման եւ ապահովման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանները չխախտելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու եւ ԵԱՀԿ-ի որոշումներու հիման վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Երկու պետութիւններու ղեկավարները` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ անոր համանախագահներու գործունէութիւնը, նշած են անոնց լրացուցիչ քաղաքական խթան տալու կարեւորութիւնը` տագնապի շուտափոյթ լուծման հարցին մէջ անոնց արդիւնաւէտութեան հետագայ բարձրացման համար:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պուսթրոս Եպիսկոպոսը Եւ Շնորհաւորութիւն Ստացաւ Սիսիէն

Յաջորդը

Ապրիլեան Պատերազմին Վիրաւորուած Զինուոր Մը Մահացած Է

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.