
Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Թանմիէ Պէյրութ ակումբին, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի տղոց ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ 12 հանգրուան:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 ճատրակ խաղացողներ:
Նշենք, որ մասնակցողներուն մէջ է Ճիօ Գալուստ, որ միակ հայն է:
Ցարդ տեղի ունեցած 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ան արձանագրած է յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը:
Իւրաքանչիւր օր տեղի կ՛ունենայ մէկ մրցում, երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ:


