Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազուրի Պաշտօնապէս Կը Հրաժարի Հանիպաալ Քազզաֆիի Պաշտպան Փաստաբանը Ըլլալէ

November 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

akram_azoury_112816

Իրաւաբան Աքրամ Ազուրի երէկ յետմիջօրէին իր գրասենեակին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը` Հանիպաալ Քազզաֆիի ձերբակալութեան եւ արգելափակման մէկ տարին ամբողջանալուն առիթով:

Ազուրի պաշտօնապէս յայտնեց, որ ինք հրաժարած է Քազզաֆիի պաշտպան փաստաբանը ըլլալէ, մինչեւ որ լիբանանեան պետութիւնը վերջ տայ դատական իշխանութիւններուն դէմ դաւադրութիւններ գործելէ:

Ազուրի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններու աշխատանքին մէջ խախտումներ կ՛արձանագրուին` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին սխալներով եւ օրինազանցութիւններով կը յատկանշուի:

Ազուրի ներկայացուց շարք մը առաջարկներ, որոնք խորհրդարանին կողմէ վաւերացուելու պարագային կ՛ամրապնդեն դատական իշխանութեան անկախ գործունէութիւնը` զայն անջատելով քաղաքական իշխանութենէն:

Ան նշեց, որ անկախ գործող դատական իշխանութիւնը կ՛երաշխաւորէ անհատին ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Ազուրի նաեւ յայտնեց, որ Քազզաֆի խաբեբայութեամբ ձերբակալուած է` հերքելով բոլոր այն զրպարտութիւնները, թէ Հանիպաալ Քազզաֆի իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումին մասին տեղեկութիւններ ունի:

«Հանիպաալ Քազզաֆի արգելափակուած կը մնայ պարզ այն պատճառով, որ ան կը կրէ Հանիպաալ Մոամմար Քազզաֆի անունը», շեշտեց Ազուրի:

 

Նախորդը

Այսօր Երեկոյեան «Պարպարա» Ձիւնամրրիկը Պիտի Սկսի Հարուածել Լիբանանը

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Պահանջէ Արագացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.