Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՒՐՔԻՈՅ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` վարչապետ նշանակուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց անոր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սուրի Հաուշ շրջանին մէջ ձերբակալած է եօթը հոգինոց աւազակախումբ մը, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ կը զբաղի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը վաղը` ուրբաթ օր պիտի կատարէ եռօրեայ հովուապետական այցելութիւն մը` դէպի Մարսէյ եւ Լիոն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, կազը` 400 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 200 լ. ոսկիով:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յոյս յայտնեց, որ Անկախութեան տօնը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յառաջ մղէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական լաւ ընթացքի մէջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պետութեան սկզբունքները յայտարարած է եւ ան կը միտի Լիբանանը զերծ կացուցել զայն շրջապատող տագնապներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանան կատարուած սէուտական եւ քաթարական այցելութիւնները Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը պիտի վերահաստատեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը լիբանանեան ստեղծագործութիւն է, որ ամբողջ աշխարհին մէջ գոյութիւն չունի: Ան աւելցուց նաեւ, որ այդ կառավարութեան գոյութիւնը կարելի չէ գետնի վրայ գործադրել:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտ կոչ ուղղեց ամրապնդելու երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ հեռու մնալու մեկնաբանութիւններէ եւ մագլցողական կեցուածքներէ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս Արսալէն եկած պատուիրակութեան մը հետ քննարկեց շրջանին վերաբերող կարիքները, ինչպէս նաեւ իմացաւ շրջանի բնակչութեան գոհունակութիւնը` Արսալի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն առումով:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Տարածքը Միայն Այս 780 Հազար Քառակուսի Քիլոմեթրը Չէ» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Յաջորդը

Մաշնուք Համաձայնութիւն Յայտնեց Առանց Մեքանիզմի Ստուգման Ինքնաշարժները Արձանագրելու Պահանջին

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.