Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յետընտրական Ցոյցեր… Ապացոյցեր

November 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp1-1hairenik

Յաղթականը միայն Թրամփը, պարտեալն ալ միայն Հիլըրին չէր:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական 45-րդ ընտրութիւններուն շարքը երկար է թէ՛ յաղթականներուն եւ թէ՛ պարտեալներուն:

Սեղմելով ու ամփոփելով այս ընդարձակ ու լայնածաւալ թնճուկ-թղթածրարը, հակիրճ տեղեկութիւններով եւ մատնանշումներով կարելի է ներկայացնել իրավիճակը:

Առաջին հերթին, եթէ լաւապէս հետեւինք ամիսներէ ի վեր կատարուող իրադարձութիւններուն, Հիլըրի իրականութեան մէջ պարտուած էր Դեմոկրատական կուսակցութեան բեմահարթակին վրայ, իր դէմ պայքարող, Վերմոնթ նահանգի ծերակուտական Պըռնի Սենտըրզի դէմ:

Սակայն դիւրին եղաւ շրջանցել այս պարտութիւնը` գործի լծելով մեծ կշիռ եւ ազդեցութիւն ունեցող քարոզչական մեքենան` հեռատեսիլ, համացանց, Դիմատետր, Դայլայլիչ եւ այլք:

Դիւրին եղաւ այս մէկը, մանաւանդ որ Սենտըրզ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին (75 տարեկան), պատրաստած էր փլաթֆորմ մը` ընկերային հարցեր արծարծելով եւ յառաջդիմական գաղափարախօսութիւններով լուծումներու յանգելով: Ամերիկեան քարոզչական մեքենային համար դիւրին էր Հիլըրին փրկելն ու իր ընկերվարական եւ նոյնիսկ համայնավար գաղափարներու (… դժբախտաբար Նոր Աշխարհի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կարողութիւնը չունի զանազանելու նշեալ երկու գաղափարները) տէր մրցակիցը «մէկդի շպրտել»:

Սենտըրզ չգնաց առճակատումի, այլ ընդունելով իր անարդար պարտութիւնը` իր համակիրներուն կոչ ուղղեց, որ հետեւին եւ քուէարկեն ի նպաստ դեմոկրատական յաղթական թեկնածու Հիլըրիին:

Այո՛, այս դիտանկիւնէն դիտուած յաղթական էր Սենտըրզը, որ հակառակ բացայայտուած նենգամիտ միջամտութիւններուն եւ անոր յաջորդող «ըսի-ըսաւ»-ներու` դաւադրութիւն չսարքեց: Յստակ էր, որ պղտոր ջուրի մէջ որսորդութիւն կատարելու ոդիսականի պիտի չդիմէր Սէնտըրզ, եւ իր հլու կամակատար նահանգը, որ կրնար արտառոց անակնկալ մը ստեղծել, քուէարկեց ի նպաստ Հիլըրիին:

Հիլըրիի կողքին, պարտուած էր Քլինթըն ընտանիքը, կամ աւելի ճիշդը, ընտանեկան բնոյթ ստացող ղեկավարութիւնը, բան մը, որ կը կարծուէր, թէ կրնար ըլլալ դեմոկրատական թեկնածուի յաղթանակի բանալին:

Անցնինք յաղթական կողմ, ուր նախագահական թեկնածուէն աւելի, ներկայ ընկերային եւ յատկապէս տնտեսական կացութիւնն էր, որ կրցած էր համոզել քուէարկողը` ուղղուելու դէպի այլընտրանք, եւ այս մէկը յատկապէս նշելի է սնանկութեան սեմին հասած եւ այս գծով ամէնէն աւելի ազդուած նահանգներու` Ուիսքանսընի, Միշիկընի եւ Օհայոյի մէջ:

Այս գծով, յաղթական դուրս եկաւ երկրէն ներս տիրող ամբոխավարական տրամաբանութիւնը, որ գէթ ցայսօր անտրամաբանական կը նկատուի կարգ մը դէտերու կողմէ:

Հուսկ, ամէնէն աւելի վտանգաւորը` պարտուած է միասնականութեան հասկացողութիւնը: Երկիրը կ՛ուղղուի դէպի յետ ընտրական բեւեռացում, որուն ցայտուն օրինակն ու ապացոյցը` ցոյցերն են, որոնք շարունակ կը կատարուին բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: Այս գծով աշխատանք ունին կատարելիք պարտեալներն ու յաղթականները… անշուշտ պարտեալ Հիլըրին եւ յատկապէս` յաղթական Թրամփը:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եգիպտոսի Խորհրդարանի Քայլերը Ներկայացուած Են Ֆրանս-Եւրոպական Պատուիրակութեան Մը

Յաջորդը

«Քսանհինգ Տարի Է` Արցախը Համայն Հայութեան Կիզակէտն Է Դարձել». Ռուբէն Ճանպազեան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.