Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան Սեմին Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Արգելակուած

November 21, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն ճշմարտութիւնը եկաւ հաստատելու, որ այս երկրին մէջ լաւատեսութիւնն ու քաղաքական համախոհութիւնը չեն կրնար երկարատեւ ըլլալ:

Փաստը այն է, որ Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին սեմին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ արգելակուած, մինչդեռ բոլորին յոյսերն ու ճիգերը ուղղուած էին նախքան Անկախութեան տօնը կառավարութեան նոր կազմի յայտարարութեան:

Սակայն ինչ որ Անկախութեան տօնի սեմին չպատահեցաւ, կրնայ Անկախութեան տօնի նախօրեակին, այսինքն` այսօր պատահիլ, որովհետեւ հակառակ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքին վրայ իրենք զիրենք պարտադրող թնճուկներուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մնայ լաւատես` ընդգծելով, որ մօտիկ ապագային ինք պիտի յայտարարէ նոր կառավարութիւնը:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պիտի փոխանցէ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով իր Ա. պատգամը:

flag-8_112016

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ընկերակցութեամբ Լիբանանի Ա. տիկին Նատիա Աունի, նախագահական պալատի մուտքի դահլիճին մէջ Դրօշակի տօնին առիթով, պաշտօնական արարողութեամբ մը ստացաւ «Ժողովուրդին դրօշակը»:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ ձեռնարկը շատ հարազատ է իրենց համար, որովհետեւ Լիբանանի այդ դրօշակը իրենց նման 15 տարի արգելափակուեցաւ եւ փրկուեցաւ ու իր բնական հասցէին վերադարձաւ շնորհիւ Լէյլա Հապըրի, որ զայն խնամքով պահած էր:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ դէպի Պաապտա կատարուած ժողովրդային ցոյցերուն ընթացքին քաղաքացիները հրաւիրուած էին այդ դրօշակին վրայ ստորագրելու` Լիբանանը միացնելու նպատակով, «հետեւաբար այս դրօշակը կը խորհրդանշէ Լիբանանի հողն ու ժողովուրդը», ըսաւ ան:

nakhakah_feyha_112016

210 քառ. մեթր դրօշակը նախագահական պալատ բերուեցաւ Լիբանանի սկաուտական խումբերուն կողմէ, իսկ այս առիթով նախագահական պալատի հանդիսութեան պաշտօնական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ֆայհա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի:

Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն, Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ զօր. Փիթըր Քոսկրովէն, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն, Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Ազիզ Պութաֆլիքայէն եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն:

Նախորդը

Հարիրի. «Կառավարութիւնը Պիտի Կազմուի Մօտիկ Ապագային, Եւ Այդ Իմաստով Երբեք Մտահոգ Չեմ»

Յաջորդը

«Կողմերը Կը Հաստատեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Բացառապէս Խաղաղ Լուծման Անհրաժեշտութիւն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.