Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եիգպտոսի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը Պիտի Ներառէ Իր Օրակարգին Վրայ

November 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

egypt_111816

Եգիպտոսի խորհրդարանը կը պատրաստուի 1915-ին հայերու նկատմամբ Թուրքիոյ իրագործած կոտորածը դատապարտող բանաձեւը ներառելու իր օրակարգին վրայ: Այս մասին «Երկիր Մետիա»-ին յայտնած է Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մազլումեան:

Ըստ անոր, այս մասին օրերս Եգիպտոս գտնուող եւրոպական պատուիրակութեան հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշած է եգիպտացի երեսփոխան Մուսթաֆա Պաքրի:

«Մուսթաֆա Պաքրի պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եգիպտոսի խորհրդարանին կեցուածքը` հաստատելով, որ Թուրքիոյ իրագործած հայոց կոտորածը դատապարտող բանաձեւը կը պատրաստուին ներկայացնել քուէարկութեան: Ան հաստատած է, որ ատիկա «ամօթի խարան» է Թուրքիոյ ճակատին, եւ բոլոր կառավարութիւնները եւս պէտք է դատապարտեն այդ անմարդկային կոտորածը», ըսած է Արմէն Մազլումեան:

Պաքրի նշած է, որ եգիպտական խորհրդարանի անդամները ստորագրահաւաք կազմակերպած են, եւ 337 երեսփոխան հաւանութիւն տուած է Ցեղասպանութեան դատապարտման բանաձեւին` վստահութիւն յայտնելով, որ քուէարկութիւնը պիտի կատարուի ի նպաստ բանաձեւին:

Եգիպտացի երեսփոխանը նոյն ատեն դատապարտած է արաբական պետութիւններու կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ` նշելով, որ առայժմ միայն Լիբանանը ճանչցած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Նախորդը

Մամետեարով Ընդունած Է Ֆրանսայի Առաջարկը

Յաջորդը

Հայաստանը Պատրաստ Է Իրանի Համար Հարթակ Ձեւաւորելու` Դէպի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Շուկայ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.