Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Միաւորներու Միջվարչական Հանդիպում

November 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hamazk_hantiboum_111716

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի շրջանի միաւորներու վարչութիւններու, որոնց կարգին` «Քնար» պարախումբի, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի, «Գուսան», «Այգ», «Կարկաչ» երգչախումբերու, Համազգայինի Շաբաթօրեայ դպրոցի, «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններու տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, խնամակալութեան (վերջինիս գործունէութեան ծիրին մէջ կ՛իյնան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը, «Գայեանէ» պարի դպրոցը, «Թ. Ռոսլին» ակադեմիան եւ «Արեգ» թատերական դպրոցը) եւ գեղարուեստի ղեկավարներու միջվարչական ծանօթացման հանդիպում մը,  որուն ներկայ եղան 60-է աւելի անդամներ:

Հանդիպումին նպատակն էր 2016-2017 տարեշրջանի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն ներկայացումը, Լիբանանի շրջանին վերաբերող կանոնագրային կարգ մը կէտերու բարեփոխումներուն ու ներկայ պայմաններուն պատշաճեցման աշխատանքին մասին ամփոփ զեկուցումը, ինչպէս նաեւ ամավերջի համերգներու եւ ելոյթներու համակարգումը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան, որ իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին հրաւէրին եւ գրեթէ իրենց վարչութիւններուն լրիւ կազմերով ներկայ եղան այս հանդիպումին: Ապա ան ներկայացուց միութեան ծրագիրներն ու կատարուելիք աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ կազմակերպական եւ այլ դժուարութիւններու:

Ապա առիթ տրուեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններուն, ղեկավարներուն եւ պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ խնամակալութեան եւ միաւորներու վարչութիւններու ատենապետներուն պարզելու իրենց տարեկան ծրագիրներն ու ընկերաբար զրուցելու այլեւայլ հարցերու շուրջ:

Աւարտին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վարանդ Ալեքսանտրեան ուղղեց իր սրտի խօսքը` գնահատելով բոլոր վարչութիւնները, որոնք իրենց դաստիարակչական, մանկավարժական, կրթական փորձառութիւնները կը ծառայեցնեն հայապահպանութեան այս դժուար գործին` մաղթելով համագործակցութիւն եւ յաջողութիւն:

Շրջանային վարչութիւնը, իր կարգին, բարի աշխատանքային տարեշրջան մաղթեց իր բոլոր միաւորներուն, որոնց կամաւոր եւ անձնուէր ներդրումին շնորհիւ Համազգայինը կը շարունակէ իր երթը:

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Ձայնի Խանգարումներուն Մասին Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Մամլոյ 121-րդ Լսարան. «Ես Վերադարձել Եմ» Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.