Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթի Նոր Եկեղեցւոյ Համար 150.000 Տոլար Հանգանակուեցաւ

November 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

q8_111716

Հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի երեկոյեան Քուէյթի «Մովամփիք» պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ կազմակերպուեցաւ կալա-պարահանդէս մը` հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Հիմնախնդրի գործադիր մարմինին, որ իր կողքին ունէր պարահանդէսի օժանդակ յանձնախումբը: Կալա-պարահանդէսին նպատակն էր նոր եկեղեցւոյ ներքին նորոգութեանց համար հանգանակութիւն կատարել:

Կալա-պարահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Մայտա Մովսէսեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր` իրենց ներկայութեան համար, որ ինքնին խօսուն փաստ մըն է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ քուէյթահայութեան ունեցած նախանձախնդրութեան, փաստ մը հաւատարմութեան` հանդէպ այն նուիրական հաստատութեան, որ լոկ քարաշէն կառոյց մը չէ՛, այլ` Բարձրեալն Աստուծոյ անպարփակ ներկայութիւնը լեցնող տեսանելի առարկայական իրողութիւն: Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ քուէյթահայութիւնը անցնող ամիսներուն եկեղեցւոյ նոր կառոյցի մը սեփականատէրը դարձած է` շնորհիւ ժողովրդային հանգանակութեան: Մեր պարտքն է այս անգամ ալ մեծ խանդավառութեամբ մեր հոգեւոր տան` եկեղեցւոյ ներքին աշխատանքներուն ձեռնամուխ ըլլալը, մեր նշանաբանն ու կարգախօսը դարձնելով «Ժողովուրդիս հետ, եկեղեցւոյ համար»: Ապա Գէորգ Յովակիմեան անգլերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նոյն գաղափարները բացատրեց բոլորին:

q8-1_111716

Ապա եկեղեցւոյ Հիմնախնդիրի գործադիր մարմինին զեկոյցը ներկայացուց մարմինի ատենադպիր Եղիա Կարպուշեան, որ յիշեց, թէ մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ, երբ Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանն ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին դատարկելու եւ տանտիրոջ յանձնելու ահազանգը հնչեց, շրջանիս Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան խառն նիստի ընթացքին նշանակուեցաւ եկեղեցւոյ Հիմնախնդիրի գործադիր մարմինը, որ գլխաւորութեամբ շրջանի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանին, անմիջապէս անցաւ իր աշխատանքներուն եւ առաջին նիստը գումարեց 10 մայիս 2015-ին: Մինչեւ օրս գործադիր մարմինը գումարած է մօտ 50 ժողովներ եւ իր տքնաջան աշխատանքներու շնորհիւ կարողացաւ ձեռք ձգել 700 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող ծախու առանձնատուն մը` օժտուած եկեղեցի եւ առաջնորդարան վերածուելու գրեթէ բոլոր յարմարութիւններով: Առանձնատան գինն էր 725.000 քուէյթեան տինար (2.400.000 տոլար): Այսպիսով, 50 տարիներէ աւելի կեանք ունեցող քուէյթահայ գաղութը ունեցաւ իր սեփական առաջին եկեղեցին եւ առաջնորդարանը: Թեմի Ազգային վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչները 5 նոյեմբեր 2015-ին այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին` ստանալու անոր օրհնութիւնը:  Վեհափառ հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը ու բարձր գնահատանքը յայտնած էր այս կարեւոր իրագործումին համար եւ շեշտած` եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի կալուածին սեփականատէրը դառնալու կարեւորութիւնը: Անթիլիասէն վերադարձին կազմակերպուեցաւ ժողովրդային մեծ հանգանակութիւն, որմէ ետք համայնքը դարձաւ նոր կառոյցին սեփականատէրը: Հակիրճ զեկոյցէն ետք ան յայտնեց, թէ գործադիր մարմինը այժմ կը գտնուի նորոգութեան եւ սարքաւորման նոր հանգրուանին դիմաց, որմէ ետք կառոյցը եւ համայնքը պատրաստ պէտք է ըլլան եկեղեցւոյ օծման ու առաջնորդարանի բացման` ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Յայտագիրի յաջորդ բաժինով ցուցադրուեցաւ Պետրոս եւ Գրիգոր Պետիրեաններու կողմէ պատրաստուած տեսերիզը, ուր ներկայացուեցաւ նոր կառոյցը այսօրուան վիճակով եւ մօտիկ ապագային, նորոգութիւնները աւարտելէ ետք, պատկերացուած կառոյցը:

Պաշտօնական բաժինը իր լրումին հասաւ առաջնորդ հայր սուրբի սրտի խօսքով: Ան ըսաւ, որ ամէն աշխատանք, երբ արդիւնք կու տայ, ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ եւ առիթ կը հանդիսանայ նոր իրագործումներ նուաճելու եւ յաջողութիւններ ձեռք բերելու: Յիշեցուց ներկաներուն, որ հայ ժողովուրդը իր գոյութենէն` Հայկ նահապետէն մինչեւ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մեսրոպ Մաշտոց, Վարդան Մամիկոնեան ու սարդարապատեան հերոսապատում, Հայոց պատմութեան իրերայաջորդ բոլոր սերունդները, ազգին հոգը, հայրենիքի ազատութեան ի խնդիր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, Աստուծոյ տունը` եկեղեցին, մեր հաւատքի միջնաբերդը դարձնելու խոր հաւատքն ու համոզումը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին եւ զայն փոխանցեցին սերունդէ սերունդ: Ապա հայր սուրբը շարունակեց` ըսելով. «Այսօր, երբ կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակը, երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք աշխատեցան եւ գործեցին հայրենիքի հզօրացման եւ շինութեան համար, որովհետեւ հայրենիքին չօժանդակելը ոճիր է հայրենիքին նկատմամբ: Արդ, մեր հոգեւոր ծննդավայրը հանդիսացող եկեղեցւոյ շինութեան չօժանդակելը կրկնակի ոճիր է թէ՛  Աստուծոյ եւ թէ՛ հայրենիքին նկատմամբ»: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ վեր առաւ քուէյթահայութեան մէջ խոր արմատ նետած ազգային այն նկարագիրը, որ երկար տարիներ հայրենիքին, եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանին նկատմամբ ունեցած է անսահման նուիրուածութիւն, ապա հանգանակութիւնը բաց յայտարարելով` հրաւիրեց ներկաները, որ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեան բաժինը բերեն Քուէյթի նոր եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի աշխատանքներուն:

Յայտագրի երկրորդ բաժինը պարահանդէսն էր, որուն հանդիսավարն էր Գէորգ Յովակիմեանը: Երեկոն խանդավառեցին հալէպահայ սիրուած երգիչ Ճորճ Սարգիսեանն ու իր նուագախումբը:

Աւարտին, նոր եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 150.000 ամերիկեան տոլար, յիրաւի յիշեցնելով եկեղեցւոյ հայրերու խօսքը` «Երանի եկեղեցի շինողաց»:

Նախորդը

Թուրքերը Սիրում Են Թրամփին

Յաջորդը

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.