Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

October 6, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՍԵԼԱՆԻԿԻ 26-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՄԷՋ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԳԸ ԵՒ ԽՄԻՉՔԸ

Սեպտեմբեր 24-ին վերջացած է Թեսաղոնիկէի միջազգային 26-րդ ցուցահանդէսը: Այս ցուցահանդէսին մէջ իրենց տաղաւարները ունեցած են երկաթէ վարագոյրին ետին գտնուող բոլոր երկիրները` ռուսական բաժնին մէջ:

Հայաստանն ալ բերած է իր մասնակցութիւնը:

«Ազատ Օր»ի թղթակիցը այդ առիթով կը գրէ ի մէջ այլոց.

Գորգի բաժնին մէջ բախտաւոր եղայ: Այս ճիւղին պաշտօնեայ օրիորդը շատ հաճոյակատար էր:

Այս գորգերը Խորհրդային Միութեան մաս կազմող ո՞ր ազգերունն են հարցումիս պատասխանելով` ըսաւ.

 

– Առաջին կարգի վրայ դրուածները Հայաստանինն են, երկրորդը` Ազրպէյճանին եւ այլ: Եւ սկսաւ մէկ առ մէկ թուել: Բայց ես ուշադրութիւն չէի ըներ: Հայկական գորգերը կը շոյէյի ու հայրենիքս շոյածի պէս երազի մէջ էի: Համակրելի օրիորդը երբ տեսաւ, որ հայկական գորգերով շատ կը հետաքրքրուիմ. լրացուցիչ տեղեկութիւններ տալով` ըսաւ, թէ ներկայիս Ռուսիոյ ամենէն նուրբ, ճաշակաւոր եւ յարգի գորգերը Հայաստանը կը պատրաստէ:

Գորգերուն քովի բաժինը իրական Հայաստանն էր: Խմիչքի բաժինը: Անոր գրեթէ կէսը Հայաստանը գրաւած էր: Ելեկտրական լոյսերով շինուած մէկ սեւ, մէկ ճերմակ խաղողի ողկոյզներ կը լուսաւորէին այդ մասը եւ անոնց տակ շարուած էին Հայաստանի նշանաւոր քոնեաքի եւ գինիի շիշերը: Ռուսերէնին հետ հայերէն մեծ տառերով գրուած էին անոնց անուննները. «Հայաստան», «Յոբելենական», «Դուին» պիտակներով քոնեաք եւ «Արեւշատ», «Այգեշատ», «Մոսքաթօ» գինի:

Դժբախտաբար ծախու չէին, բայց զանոնք տեսնելով` հոգիս արդէն գինովցաւ եւ քիչ մը աւելի հպարտացայ, որ հայ եմ, որ ամէն քաղաքակրթական մարզերու մէջ մեր գոյութիւնը զգալի կ՛ընենք, եւ եթէ առաջիններէն չենք, գէթ վերջիններէն ալ չենք:

ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Օգոստոսին 600 զբօսաշրջիկներ այցելած են Հայաստան: Լեհաստանէն եկած են 160, Ֆրանսայէն` 105, Մ. Նահանգներէն 86, Լիբանանէն` 25 եւ այլն: Այս տարի աւելցած է նաեւ արտասահման` Անգլիա, Հունգարիա, Պուլկարիա, Հնդկաստան եւ այլն մեկնող հայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, Երեւանի թերթերուն համաձայն, հինգ հարիւրէն աւելի եղած է արտասահման մեկնող հայ զբօսաշրջիկներու թիւը:

ՆԱՆՍԵՆԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ

ՆՈՐՎԵԿԻԱ ՍԵԼԱՆԻԿԻ ՄԷՋ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԵՐԱՆՈՑ ՄԸ ԿԸ ՀԻՄՆԷ

Աթէնքէն կը գրեն մեզի.-

Նորվեկիական կառավարութիւնը այս ամսուան (հոկտեմբեր) ընթացքին պաշտօնապէս պիտի տօնէ մեծանուն մարդասէր եւ հայասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի հարիւրամեակը, որուն պիտի մասնակցին բոլոր ազգերը:

Մեծանուն մարդասէր եւ հայասէրի յիշատակին նորվեկիական բարեսիրական միութիւնները, նորվեկիական Կարմիր խաչը, կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը, որոշած են մասնաւորաբար հայերու համար ծերանոց մը հիմնել Թեսաղոնիկէի մէջ: Վայրը ընտրուած է Անաթոլիս քոլեճին գեղատեսիլ վայրին վրայ, եւ շինութիւնը պիտի սկսի մօտ օրէն: Ծերանոցը պիտի ունենայ 35 սենեակներ: 15 սենեակներուն մէջ պիտի պատսպարուին 15 զոյգեր, իսկ 20 սենեակներու մէջ ալ` առանձին` 20 երկսեռ անձեր: Պատսպարեալներու ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ յիսուն անձ:

Ֆրիտիոֆ Նանսենի յիշատակը յարգելու համար եւ հողի գնման առիթով Աթէնքի Նորվեկիոյ դեսպանը` սեպտեմբեր 28-ին, հինգշաբթի դեսպանատան սրահին մէջ կազմակերպած էր պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ եղան Հելլէն նախարարներ, կառավարական պաշտօնական անձեր եւ օտար բարեսիրական կազմակերպութեանց Աթէնքի ներկայացուցիչները:

Մասնաւոր հրաւէրով յունահայ գաղութին կողմէ ներկայ եղան` թեմակալ առաջնորդ Սահակ եպս. Այվազեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ներսէս Յակոբեան եւ Պատրիկ Սարգիսեան` իրենց կիներով, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէններ` տէր եւ տիկին Ե. Ճեհիզեան եւ ՀԲԸՄի ատենապետ Վ. Աղասեան:

Նորվեկիոյ դեսպան Փեթեր Անքեր գեղեցիկ եւ յուզիչ ճառով մը ներկայացուց Նանսենի կեանքն ու գործը եւ շեշտեց, թէ Թեսաղոնիկէի ծերանոցը պիտի հիմնուի առաւելապէս հայերու համար ղեկավարութեամբ զուիցերիացի հայասէրներու միութեան:

Առաջնորդը, վարչութեան ատենապետը եւ ներկաները, ջերմ շնորհակալութիւններ յայտնեցին դեսպանին` հայերու հանդէպ ցոյց տրուած այս բացառիկ սիրոյն եւ հոգածութեան համար:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (6 հոկտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ԵՐՈՒԱՆԴ ԶԱՆԱԶԱՆԵԱՆ` ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԻՆԵՐՈՒ ՀՆԳԵԱԿԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.