
Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր Գ. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա զտումի մրցում մը ունի կատարելիք Սան Մարինոյի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այս մրցումին պիտի չմասնակցին բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր եւ միջնապահ Ժիւլիան Պրենթ:
Գերմանիոյ մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ վերոնշեալ երկու մարզիկներէն բացի իր կազմին մէջ ունի այլ բացականեր ալ` Ժըրոմ Պոաթենկ, Թոնի Քրուս եւ Ժիւլիան Տրեքսլըր:
Ան իր կազմէն դուրս ձգեց նաեւ Անտրէ Շիւրլէն, Մեսութ Էօզիլը եւ Անթոնիօ Ռէօտիկըրը` անոնց հանգիստ տալու նպատակով:
Նշենք, որ Գերմանիա ցարդ իր կատարած զտումի երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ ապահոված է:


