Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Խաղաղ Ճամբով» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

November 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sekuta_110916

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Սեքութա երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը շարունակեն աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն մերձեցման ուղղութեամբ:

Ըստ անոր, համանախագահները կ՛աշխատին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ նախագահներու նոր հանդիպումներուն ուղղութեամբ:

Ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրնայ ունենալ միայն խաղաղ լուծում` միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հերթական հանդիպումի կատարման յոյսի բացակայութեան մասին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կարծիքը, ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չունի զինուորական լուծում:

Սեքութա նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Միացեալ Նահանգները իբրեւ համանախագահ կը ներկայացնէ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքը եւ ան բանակցութիւններուն անմիջականօրէն կը մասնակցի:

«Համանախագահները կը շարունակեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ նախագահներու հանդիպումին կազմակերպման ուղղութեամբ ջանքերը: Մէկ բան եւս յստակ է` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չունի զինուորական ճամբով լուծում: Այդ պատճառով կողմերը պէտք է նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ` տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար: Ատիկա չափազանց կարեւոր է: Խաղաղ լուծման ձեռքբերման եւ յառաջընթացի համար կողմերուն անհրաժեշտ է հանդիպիլ ամէնէն մօտ ժամանակներս», ըսած է ան:

Նախորդը

«Դատական Իշխանութիւնները Ամէն Գնով Պէտք Է «Ազատագրել» Քաղաքական Կողմնակալութենէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Եւ Տեղական Ընտրութեանց Արդիւնքները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.