Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Ապրաշի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա ժողովրդավարութեան դասերու պէտք չունի եւ իր հարցերը կրնայ լուծել առանց արտաքին միջամտութեան:
Ահմատինեժատ նշեց, որ «բոլորը պէտք է գիտակցին, որ օտար որեւէ միջամտութիւն սուրիացի ժողովուրդին կամ շրջանի որեւէ ժողովուրդի շահերէն չի բխիր»: Ան աւելցուց, որ «սուրիացի ժողովուրդը զարգացած ու հասուն է եւ պէտք չունի, որ ուրիշներ ժողովրդավարութեան մասին իրեն դաս տան»` շեշտելով, որ «ժողովրդավարութեան հաստատումը միայն երկխօսութեան եւ ներքին համաձայնութեան ճամբով կ՛ըլլայ»:
Իրանի նախագահը զգուշացուց, որ թշնամիներն ու շահամոլները կ՛ուզեն շրջանի զարգացումները շահագործել:


