Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջեց գործադրել իր երդման ճառը, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջեց կազմել հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն ընդգծեց Լիբանանի բարգաւաճումը ապահովող կառավարութեան մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին կազմելու տնտեսական յանձնախումբ մը` հետեւելու համար տնտեսական շարք մը հարցերու:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի տակաւին կառչած կը մնայ իր այն տեսակէտին, թէ զօր. Միշել Աուն Հըզպալլայի եւ Իրանի նախագահական թեկնածուն էր: Հետեւաբար ան տակաւին կը մնայ ներկայ իշխանութեան ընդդիմադիր դիրքի վրայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը բոլոր տագնապներուն լուծման բանալին է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց ընտրական օրէնքին կարեւորութիւնը` խորհրդարանին կազմութեան մէջ ազգային հաւասարակշռութիւնը պահպանելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի իր առաջադրած նախաձեռնութեամբ փորձած է փրկել երկիրը` իր դիմագրաւած լուրջ հարցերէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը փափաքի, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շարունակէ իր պատասխանատուութիւնը` իբրեւ ներքին գործոց նախարար: Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Անտրաուոս ըսաւ, որ աւելի լաւ է ընտրութիւնները յետաձգել մինչեւ 2018-ի սկիզբը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել եւ անոր հիման վրայ ընտրութիւն կազմակերպել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց` ոտնձգութիւններ կատարելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

«ՔԱՈՒԼՈՒՆԱ ուալ ամալ» միութեան նախագահ շէյխ Ահմետ Քաթթան այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան նստաշրջանը ըլլայ յաջող նստաշրջան մը, որուն ընթացքին կազմուի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն եւ պահպանուի «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իրաւունք ունի ուժային նախարարութիւն մը ստանձնելու` աւելցնելով, որ յաջորդ կառավարութեան կազմին մէջ նախարարութիւններու հերթափոխութիւնը պիտի իրականանայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ ինք կառավարութեան մաս կազմելու լուրջ թեկնածուներէն կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայնած են նախարարութիւններու բաժանումին շուրջ` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ոչ մէկ հարց պիտի պատահի:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Կիրակի Օր Պիտի Քննարկեն Թրամփի Յաղթանակի Հետեւանքները Եւրոպայի Անվտանգութեան Համար

Յաջորդը

Ապու Սաապ. «Աքքարի Մէջ Ռամի Հիւսէյն Անունով Աշակերտը Խոշտանգած Ուսուցիչը Գործէ Արձակուած Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.