Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէ. Յովսէփ Էսկիճեանի «Անվերջակէտ Առճակատում Ցեղասպան Թուրքին Հետ» Գիրքի Շնորհահանդէս

November 11, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

eskidjian1_111016

Երէկ` հինգշաբթի, 10 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ  տեղի ունեցաւ Յովսէփ Էսկիճեանի «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ»  գիրքի շնորհահանդէսը, «Գարեգին Նժդեհ» ժողովրդային տուն-ակումբի սրահին մէջ:

Յովսէփ Էսկիճեանի «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ» գիրքի շնորհահանդէսին առիթով ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Ալեքս Պուարի:

eskidjian3_111016Նորատիպ գիրքը ներկայացուց Համբիկ Պիլալեան: Ան իր խօսքին սկիզբը կարեւոր նկատեց դաշնակցական ակումբի երդիքին տակ գրական երեկոյի մը կազմակերպումը, որ գեղեցիկ արտայայտութիւն է գաղափարական շունչի եւ մտաւորական մթնոլորտի մը վերահաստատման, ապա նշեց, որ Յովսէփ Էսկիճեան իր հատորը նուիրած է հօր յիշատակին եւ զայն ձօնած իր վաղեմի դասընկերոջ` Մելքոն Յակոբեանին, որ սիրով ստանձնած է հատորին մեկենասութիւնը:

Համբիկ Պիլալեան յայտնեց, որ հատորին մէջ կը գերակշռեն արձակ գրութիւնները, ուր կը շեշտուի Յովսէփ Էսկիճեանի գաղափարայնութիւնը: «Հատորը  գլխագիր զրոյց մըն է հեղինակի անձին հետ միաձուլուած եւ ապագայատեսի խոհական դրսեւորումներով յագեցած», ըսաւ ան եւ ապա շարունակեց. «Յովսէփ Էսկիճեան քաջ հաւատացողն է հայու ստեղծագործ եւ գիտական  հանճարին: Ամէն քայլափոխի ու առիթի փառքը հիւսած է բոլոր անոնց, որոնց հմայքն ու հեղինակութիւնը պատիւ բերած են ազգին ու Արարատին»:

Հ. Պիլալեան անդրադարձաւ նաեւ հատորի բովանդակութեան, որ կը շօշափէ ազգային նիւթեր` պատմական դէմքերու եւ դէպքերու յիշատակում, սիրոյ խայտանք, անցեալի յուշերու եւ ապրումներու գեղեցիկ նկարագրութիւններ, ազգն ու հայրենիքը յուզող մտահոգութիւններ, որոնք ներկայացուած են մաքուր լեզուով, արտայայտիչ պատկերներով եւ վարակիչ լեզուամտածողութեամբ:

Ան ըսաւ, որ հատորը կայտառ, առողջ, ստեղծագործ, նուիրեալ մնալու հրաւէր մըն է, հաւաքական վերապրումի կոչ, սեփական յոյզերու եւ ապրումներու  շտեմարան, բարիին հրայրքը ըմբոշխնելու ցանկութիւն, ազգայինին կառչելու խոր գիտակցութիւն, բայց մանաւանդ` մայրենի լեզուին հանդէպ պատուախնդրութիւն ցուցաբերելու ազնիւ ձգտում:

Հ. Պիլալեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Էսկիճեանի մտորումներուն առանցքը հոգին է, իսկ մտասեւեռումներուն առանցքը վերանկախացած հզօր հայրենիք մը ունենալու խոր հաւատամքը, իսկ անոր հոգեպարար գրութիւններուն պարունակը  ապրուած կեանքն է իր բոլոր արտայայտութիւններով»:

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Անի Եփրեմեան-Սարաֆեան, որ ապրումով ասմունքեց Յովսէփ Էսկիճեանի նորատիպ հատորէն:

eskidjian2_111016

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Յովսէփ Էսկիճեան: Ան ողջունեց ներկաները, ապա հրաւիրեց նոր սերունդը եւ բոլոր հայորդիները, որ հասարակական, ընկերային եւ գաղափարական կառոյցներուն ընդմէջէն վերահասու դառնան, հպարտանան եւ ծառայել գիտնան ազգային անկատար տենչերու իրականացման ի խնդիր, եւ բազմադարեան հայ դարաւոր մշակոյթի տիտաններուն բացած ոսկեփայլ ուղիներէն ընթանալով` գործնապէս նպաստեն բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտի յաղթանակին: Յ. Էսկիճեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի մեկենաս Մելքոն Յակոբեանին, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի կայացման եւ յաջողութեան:

Ձեռնարկի աւարտին Յովսէփ Էսկիճեան իր գիրքերը մակագրեց ներկաներուն, ապա հիւրասիրութեան մը շուրջ ներկաները շարունակեցին իրենց գրական եւ գաղափարական մտորումները:

Նախորդը

Յակոբ Տէր Ղուկասեան «Կը Հանդիպի» Ժան Ժէօնէի

Յաջորդը

Անգարայի Մէջ Չեղեալ Յայտարարուած Է Աթաթուրքի Մահուան Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.