Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿԱՊՈՂ ԿԱՄՈՒՐՋՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՆԵՊԻՀ ՊԸՐԻԻ

October 5, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի` Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին

Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Լիբանանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը: Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստերուն երկրորդ աշխատանքային օրը սկսաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ելոյթով:

Պըրրի հայ խորհրդարանականներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ շրջանային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններուն մասին: Խորհրդարանականները նախ անոր ելոյթը լսեցին, ապա անցան օրէնսդրական աշխատանքին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի մարդկային կապերու այնպիսի կամուրջ մը, ինչպէս Լիբանանի հայութիւնն է: Ասիկա Պըրրիի երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան: Առաջին անգամ ան Հայաստան այցելած է 1997-ին` գլխաւորելով Լիբանանի առաջին պաշտօնական պատուիրակութիւնը:

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ՛ հայ-լիբանանեան կապերուն, թէ՛ շրջանային խնդիրներուն: Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական կապերը կը զիջին երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու մակարդակին:

Նեպիհ Պըրրի նոյնիսկ չցանկաց նշել այն համեստ ցուցանիշները, որոնք կ՛արտացոլեն առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները: Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ կը գործեն աւեի քան 20 համաձայնագիրեր տնտեսութեան մարզերուն մէջ:

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը խօսեցաւ նաեւ շրջանային խնդիրներուն մասին: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ` դրացիներուն հետ «զերօ խնդիր» քաղաքականութիւնը զիջումներ կը պահանջէ իւրաքանչիւր կողմէն եւ մաղթեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը շտապէ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացնելու գծով:

Ան յայտնեց, որ արաբական աշխարհի ամբողջական շահերէն կը բխի փակուած տեսնել բոլոր տեսակի անհամաձայնութեան էջերը: Անոր անդրադարձը բաւական կարծր էր Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու ներքին խնդիրներուն Արեւմուտքին միջամտութեան:

«Մենք կը զգուշացնենք համայնքային գրգռութիւններու կրակի խաղին չդիմելու Սուրիոյ կամ տարբեր երկիրներու դէմ, որովհետեւ այդ արարքները պիտի անդրադառնան ամբողջ շրջանին վրայ. փորձ մը, որ արդէն բաժնուած շրջանը վերաբաժնելու ախորժակ պիտի բանայ: Բոլորիս կենսական շահերէն կը բխի, որ Սուրիա օրինակելի երկիր ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ, ժամանակակից ժողովրդավարական երկիր, զարգացած, զօրաւոր եւ աւերումները կանխող` կազմելով պարիսպ մը Իսրայէլի դէմ, իրագործելով հաւասարակշռողի դեր ու արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելով Միջին Արեւելքի մէջ», յայտարարեց Նեպիհ Պըրրի:

Ան յայտնեց, որ Լիբանան պատմական մեծ փորձառութիւն ունի, որ թոյլ կու տայ դիմակայելու միջազգային սադրանքներուն եւ չվերադառնալու ծաւալապաշտութեան եւ գաղութարար բռնագրաւումներու ժամանակաշրջան:

«Այդ փորձառութիւնը մեզի թոյլ կու տայ համարձակօրէն դիմագրաւելու ՕԹԱՆ-ի եւ Իսրայէլի քաղաքական այն ծրագիրները, գերիշխանութիւն հաստատելը», ընդգծեց Նեպիհ Պըրրի:

Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը առաջարկած էր ստեղծել աշխատանքային խմբակ մը, որուն մէջ ընդգրկուած ըլլան խորհրդարանականներ, ինչպէս նաեւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ:

Ըստ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին, աշխատանքային խումբը պիտի հետեւի կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներու իրականացման ու Երեւանի եւ Պէյրութի միջեւ պարբերական փոխադարձ այցելութիւններ եւ հանդիպումներ պիտի կազմակերպէ:

Վարչապետ Սարգսեան կը դիմաւորէ Պըրրին

Նեպիհ Պըրրի երէկ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ յառաջիկային Հայաստան պիտի այցելեն Լիբանանի նախագահը, վարչապետը եւ արտաքին գործոց նախարարը:

Ըստ Ն. Պըրրիի, Լիբանանի հայ համայնքը մեծ ներդրում ունի Լիբանանի զարգացման գործին մէջ եւ կը հանդիսանայ յուսալի եւ ամուր կամուրջ` երկու բարեկամ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները, չեն համապատասխաներ հայ-լիբանանեան քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին: Ան անհրաժեշտ նկատեց յառաջընթացի ապահովումը երկկողմանի յարաբերութիւններու տնտեսական մարզին մէջ եւ վստահեցուց, որ Հայաստանի տնտեսական դաշտին մէջ ստեղծուած են բարենպաստ պայմաններ` լիբանանեան ներդրումներուն համար:

Զրուցակիցները յոյս յայտնեցին, որ հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքները մօտիկ ապագային վերսկսին:

 

Նախորդը

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՒՐՈՒԱԳԻԾԵՐԸ ՈՐՈՇՈՒԱԾ ԵՆ, ԿԸ ՄՆԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.