Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՒՐՈՒԱԳԻԾԵՐԸ ՈՐՈՇՈՒԱԾ ԵՆ, ԿԸ ՄՆԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

October 5, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլմար Մամետեարով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուրուագիծերը որոշուած են:

Խօսելով ներկայ հանգրուանին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային հոլովոյթին մէջ նկատուող կրաւորականութեան մասին` Մամետեարով ըսած է. «Բանակցային հոլովոյթին մէջ աշխուժութիւնը նուազած է հիմնականին մէջ ամառնային արձակուրդներու պատճառով: ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով ես կը գտնուէի Նիւ Եորք, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցած եմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս եւ ամերիկացի համանախագահներուն հետ: Հանդիպումներուն ներկայ գտնուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Խորհրդակցութիւններուն գլխաւոր նիւթը իրավիճակի գնահատականն ու մեր հետագայ աշխատանքներուն ուղղութեան որոշումն էր: Մենք կը հասկնանք, որ մեծ աշխատանք կատարուած է եւ ընդհանուր առմամբ ուրուագիծերը որոշուած են: Այժմ աշխատանքները կ՛ընթանան մանրամասնութիւններուն վրայ»:

Նշելով, որ հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը յայտնի է, Մամետեարով վերահաստատած է Պաքուի` խաղաղ մեծ համաձայնագիրի մշակման անցնելու առաջարկը:

«Առայժմ սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը չի յաջողիր, եւ այդ պատճառով մենք կ՛առաջարկենք սկսիլ խաղաղ մեծ համաձայնագիրի մշակման աշխատանքներուն` հաշուի առնելով այսօր բանակցային սեղանին վրայ գտնուող առայժմ չհամաձայնեցուած բոլոր մանրամասնութիւնները», ըսած է Մամետեարով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը միեւնոյն ատեն ընդգծած է, որ Ղարաբաղի ինքնորոշումը պէտք է ընթանայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ զուգընթաց:

Նախորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԻՇԽՈՂ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒՂԱԿԸ ՉԻՅՆԱԼ

Յաջորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿԱՊՈՂ ԿԱՄՈՒՐՋՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՆԵՊԻՀ ՊԸՐԻԻ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.