Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՉԻ ՆԿԱՏԵՐ ՀԱԿ-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐԸ

October 5, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծուիկ Մինասեան

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան բաւական ցած գնահատեց Հայ ազգային քոնկրեսի շուրջօրեայ հանրահաւաքներու արդիւնաւէտութիւնը:

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին, Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ  երկխօսութիւն կոչուածը ձախողած է, եւ քանի որ հասարակութիւնը կապ չունի երկխօսութեան օրակարգային հարցեր հանդիսացող խնդիրներուն հետ, բնականաբար հասարակութիւնը օտար կը զգար այդ հոլովոյթին նկատմամբ: «Հիմա քոնկրեսը կը փորձէ այս քայլով վերականգնել որոշակի վստահութիւնը, բայց չեմ կարծեր, որ հասարակութիւնը պիտի համախմբուի արդէն քանի մը անգամ ձախողած ուժին շուրջ», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան:

Բացի անկէ, Մինասեան նշեց, որ այս ցոյցերը չեն կրնար յաջողութիւն ունենալ, որովհետեւ արտակարգ ընտրութիւններու պահանջը «արհեստական է»: Ըստ անոր, բոլորն ալ կը հասկնան, որ արտակարգ ընտրութիւններ չեն կրնար ըլլալ ոչ միայն անոր համար, որ իշխանութիւնը չի ցանկար, այլ որովհետեւ անոնց հասարակական պահանջի հասունացման մակարդակը ցած է: Ան աւելցուց, որ ժամկէտի տեսակէտէն արտակարգ ընտրութիւնները պարզապէս անտրամաբանական կը դառնան: «Առաւել եւս` երբ կը խօսինք ընտրութիւններու մասին այնպիսի ընտրական օրէնսգիրքով, որ բաւարար երաշխիքներ չի տար ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու համար», նշեց Արծուիկ Մինասեան:

Ա. Մինասեան յայտնեց, որ «ականատես ենք հասարակական համախմբման վերացման, քանի որ քոնկրեսը ինքն իրեն հռչակած է միակ եւ ճշմարիտ ընդդիմութիւնը»:

Անդրադառնալով երկխօսութեան վերսկսման հեռանկարին` դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ կրկին փորձ կը կատարուի «արհեստական հոլովոյթի սկսելու», քանի որ անկարելի է քոնկրեսին ունեցած աղբիւրով իշխանութիւններուն որեւէ բան պարտադրել:

Մեկնաբանելով իշխանութեան աշխատանքային խումբի յայտարարութիւնը, թէ «մենք պիտի սպասենք այդ անօրինական հոլովոյթին աւարտին, որմէ ետք պիտի քննարկենք Հայ ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն հետ մեր հանդիպման մանրամասնութիւնները», Մինասեան նշեց, որ «ասիկա նուազագոյն պատասխանն էր, որ պէտք է տրուէր, որովհետեւ կարելի չէ ժողովուրդը հաւաքել հրապարակին վրայ նստացոյցի անուան տակ եւ ըսել, որ ձեզի կը պարտադրենք` նստեցէ՛ք մեզի հետ երկխօսութեան, զրոյցի: Զրոյցը կար, ինչո՞ւ ընդհատեցիք»:

 

Նախորդը

«ՍՈՒՐԻԱ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐՈՒ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻ ԵՒ ԿՐՆԱՅ ԻՐ ՀԱՐՑԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ

Յաջորդը

ՀՈՂԻ ԱՀԱՒՈՐ ՍՈՂԱՆՔ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. 5 ԱՆՅԱՅՏ ԿՈՐՍՈՒԱԾՆԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.