Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Միացեալ Նահանգներ Կ՛ընտրեն Իրենց Նախագահը

November 8, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

trump-clinton_110716

Այսօր միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ Միացեալ Նահանգներու վրայ, ուր տեղի կ՛ունենայ նախագահական ընտրութիւն:

Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն է նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, իսկ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն` միլիառատէր Տանըլտ Թրամփ:

Քլինթըն իր ընտրապայքարը պիտի աւարտէ Ամերիկայի ժամանակացոյցով կէս գիշերին` Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ «Դուրս եկէ՛ք քուէարկելու» խորագիրով արշաւով մը:

Թրամփ ուղղուեցաւ Ֆլորիտա, Հիւսիսային Քարոլայնա եւ Ֆիլատելֆիա, ապա իր ընտրապայքարը կ՛աւարտէ Միչիկընի Կրանտ Ռափիտզ շրջանին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքով մը:

Երկրին այն նահանգներուն մէջ ուր վաղաժամ քուէարկութիւնը արտօնուած է, արդէն շուրջ 42 միլիոն քաղաքացիներ քուէարկած են:

Մրցանշային վաղաժամ քուէարկութիւն արձանագրուած է սուր մրցակցութեան թատերաբեմ եղող նահանգներու` Ֆլորիտայի, Հիւսիսային Քարոլայնայի եւ Նեւատայի մէջ:

Նշենք, որ 2012-ի նախագահական ընտրութեան մասնակցած էին 126 միլիոն քուէարկողներ:

Միւս կողմէ, գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցները Նեւատա նահանգին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին շտապեցին ամպիոնէն հեռացնել Թրամփը` կարծելով, որ անոր կեանքը վտանգուած է:

«Տը Տէյլի Մէյլ» կը նշէ, որ ծառայութեան աշխատակիցներուն կասկածելի թուացած է հաւաքի մասնակիցներէն մէկը` 33-ամեայ Օսթին Քրայցը, որ Թրամփի մրցակիցի աջակիցներէն է:

Ներկաներէն մէկը խուճապային իրավիճակ ստեղծած է` պոռալով, որ Քրայց զինուած է: Այս լսելով` անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն մէկ մասը նետուած են ամպիոն եւ շուտով հեռացուցած Թրամփը, իսկ միւսներն ալ գետին տապալած են ենթադրեալ յանցագործը:

Կը նշուի, որ Քրայցի եւ դէպքի վայրի խուզարկութեան ընթացքին զէնք չէ յայտնաբերուած: Քրայց ըսած է, որ իր մօտ «Հանրապետականները ընդդէմ Թրամփի» գրութեամբ պաստառէն զատ ոչինչ եղած է:

Նշենք, որ «Էյ. Պի. Սի. Նիուզ»-ի եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Քլինթըն 4 տոկոսային կէտով կը գերազանցէ Թրամփը:

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Հալէպի Զինադադարին Նկատմամբ Ռուսիոյ Յանձնառութիւնը Կախեալ Է Զինեալներու Վարմունքէն»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.