Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛երազեմ Լրագրող Դառնալ»

November 5, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

img-20161103-wa0014

Անթոնիոյի հայրը կ՛ուզէ, որ իր զաւակը ագարակապան դառնայ, սակայն Անթոնիօ ուրիշ ծրագիրներ ունի…

Անթոնիօ կ՛երազէ լրագրող դառնալ: Նման երազ մը ունենալը հազուադէպ է Մեքսիքայի լեռներուն մէջ ապրող տղու մը համար: Անթոնիոյի ծնողները ագարակապան են: Անոնք գրել չեն գիտեր, եւ կը նախընտրէին, որ իրենց զաւակը իրենց նման ագարակապան ըլլայ: Կուանախուաթայի այդ շրջանին մէջ բնակիչները մեծամասնութեամբ ագարակապաններ են: Իրենց շրջանին մէջ է, որ կ՛արտադրուի ամբողջ Մեքսիքայի ուտելիքները` հացահատիկ, կաթ, պանիր, միս… Անոնք իրենց բերքերէն մեծ բաժիններ կը ծախեն նաեւ օտար երկիրներու:

 

img-20161103-wa0015

Անթոնիոյի ընտանիքին ագարակը համեստ է: Անոնք կ՛ապրին ամէնէն մօտիկ գիւղէն քալելով մէկուկէս ժամ հեռու, եւ անոնց հօտը կազմուած է 200 ոչխարէ եւ 10 կովէ: Այս հօտով զբաղիլը ինքնին մեծ աշխատանք մըն է:

img-20161103-wa0017

Անթոնիօ շաբաթը 5 օր դպրոց կ՛երթայ: Եւ այն վայրկեանէն, երբ ան լրագրող ըլլալու իր կոչումը զգացած է, ան չէ ուզած ագարակապան դառնալ: Իսկ երբ ան իր հօր յայտնած է լրագրող դառնալու իր փափաքը, հայրը իրեն նայած է առանց բան մը ըսելու եւ ապա իրմէ խնդրած հօտը ետ ագարակ տանիլ` փոխանակ անիմաստ բաներ պատմելու: Այդ օրուընէ ի վեր, մէկ տարի առաջ, Անթոնիօ բնաւ դարձեալ չէ խօսած իր այդ փափաքին մասին:

img-20161103-wa0016

Անթոնիօ լրագրութեան ծանօթացած է արտասովոր պայմաններու տակ: Մինչեւ անցեալ տարի ան կը մտածէր ապագային ագարակապան դառնալ իր հօր նման: Սակայն անցեալ տարի Կուանախուաթայի շրջանի պատասխանատուները էշ մը տուած են դպրոցէն հեռու, լեռներուն մէջ բնակող բոլոր մանուկներուն: Երբ պատասխանատուները յայտարարած են, որ իրենք էշեր կը նուիրէին բնակիչներուն, լրագրողները եկած են գրելու համար այդ պատահարին մասին: Մէկ շաբթուան մէջ Մանուէլ Տոպլատօ քաղաքին եւ Սան Խուան տէ Ֆրեզնօ գիւղ ժամանած են լրագրողներ ո՛չ միայն Մեքսիքայէն, այլ նաեւ` Միացեալ Նահանգներէն: Անոնց ներկայութիւնը շրջանին մէջ տեւած է երկու շաբաթ: Առտուն, երբ Անթոնիօ դպրոց կ՛երթար, լրագրողներ երբեմն կը նկարէին դասերը: Կէսօրէ ետք անոնք հարցազրոյցներ կը կատարէին Անթոնիոյի եւ անոր ընկերներուն հետ` զանոնք նկարելով իրենց իշուկներուն վրայ: Լրագրողները շատ ազնիւ էին եւ անոնք պատմութիւններ կը պատմէին իրենց ասպարէզին մասին: Անոնց պատմածները այնքան հետաքրքրական էին, որ Անթոնիօ կ՛որոշէ ինք ալ լրագրող դառնալ անոնց նման: Այժմ լրագրողները այլեւս չեն գար իրենց շրջանը, սակայն եղբօրը հետ Անթոնիօ կը շարունակէ, իշուն վրայ նստած, դպրոց երթալ: Այս ձեւով անոնք երկու անգամ նուազ ժամանակ կը դնեն դպրոց հասնելու, քան երբ քալելով կ՛երթան:

Անթոնիօ առանձին կը մարզուի իր նախասիրած հերոսներուն հետ հարցազրոյցներ երեւակայելով, կը գրէ պատմութիւններ: Ան կը յուսայ, որ երբ դպրոցը աւարտէ, կարենայ լրագրութեան դպրոց մը յաճախել Մեքսիքոյի մէջ:

 

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

–  Դանիոյ Սամսօ կղզիին վրայ գործածուած ամբողջ ուժանիւթը կ՛արտադրուի քամիներու ուժը օգտագործելով:

–  Այժմ անհետացած փիշ-թռչունը, որ կ՛ապրէր Մատակասքարի մէջ մինչեւ 17-րդ դար, կ՛ածէր 30,5 սմ մեծութեամբ հաւկիթներ:

anhavadali-11_110516

–  Աշխարհի ամէնէն մեծ հռոմէական տաճարին աւերակները կը գտնուին Լիբանանի մէջ: Պաալպաքի մէջ Ժիւփիթերի տաճարին սիւները 20 մեթր բարձրութիւն ունին:

–  Աչքին մէջի մկանները ամէնէն շատ աշխատող մկաններն են: Անոնք օրական աւելի քան 100 հազար անգամ կը շարժին:

–  Պելճիքացի մը 30 սմ մեծութեամբ փիցցա մը կերած է 9 վայրկեան եւ 19,91 երկվայրկեանէն:

anhavadali-3_110516

–  1908-ին թէյի վաճառական մը թէյի նմուշներ բաժնած է` թէյի չորցած տերեւները դնելով մետաքսեայ փոքրիկ տոպրակներու մէջ: Շուարած յաճախորդները, չգիտնալով ի՛նչ ընել այդ տոպրակներով, զանոնք ուղղակիօրէն թաթխած են տաք ջուրին մէջ թէյ պատրաստելու համար: Այս ձեւով, պատահականօրէն ծնած են թէյի փոքրիկ տոպրակները:

 

Հետաքրքրական

Ո՞ր Կրակը Կ՛այրի 5500 Տարիներէ Ի Վեր

heda-1_110516

Հրշէջները ոչ մէկ յոյս ունին այսքան երկար ժամանակէ ի վեր վառող այս կրակը մարելու…

Աւստրալիոյ մէջ Պըռնինկ մաունթըն կրակը մինակը սկսած է վառելու գետնին տակ 30 մեթր խորութեան վրայ, ածուխի հանքի մը մէջ: Կրակը ամէն տարի մէկ մեթր կը տեղափոխուի… եւ ան վերջ պիտի գտնէ, պարզապէս երբ ածուխ չմնայ:

 

Ինչո՞ւ Հնդկական Ժամը Տարօրինակ Է

heda-2_110516

Որովհետեւ Հնդկաստանի ժամը Լիբանանէն 3:30 ժամ աւելի առաջ է: Ան աւելորդ 30 վայրկեանի տարբերութիւն մը ունի: Երբ Պէյրութի մէջ ժամը 16:00 է (կէսօրէ ետք ժամը 4:00), Նիւ Եորքի ժամացոյցները առտուան ժամը 9:00-ը ցոյց կու տան, իսկ Սիտնիի մէջ, Աւստրալիա, առտուան ժամը 1:00-ն է, եւ մարդիկ խոր քունի մէջ են:

Իսկ Հնդկաստանի՞ մէջ: Հոն ժամը 19:30 (իրիկուան ժամը 7:30): Ըստ երկրագունդին վրայ իրենց դիրքին, երկիրները նոյն ժամանակ նոյն ժամը չունին, սակայն ունին նոյն վայրկեանները, բացի Հնդկաստան եւ կարգ մը ուրիշ երկիրներ, որոնց ժամը կը տարբերի 30 վայրկեանով: Կան նոյնիսկ երկիրներ, ինչպէս` Նեփալ եւ Չաթհամ կղզիները, որոնց ժամը կը տարբերի 45 վայրկեանով:

 

Ինչո՞ւ Մարդիկ Հնարած Են Անկարգելը

heda-3_110516

Հրդեհի պարագային շէնքերէն ցատկելու եւ կեանքեր փրկելու համար: Այս բացատրութիւնը տուած է Լուի-Սեպասթիէն Լընորման, որ 1783-ին զայն կոչելու համար հնարած է յատուկ բառ մը` փարաշիւթ, յունարէն փարա բառէն, որ կը նշանակէ  «դէմ»:

 

Ո՞րն Է Առաջին Ընտելացուած Անասունը

heda-4_110516

Շունը:

Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ նախապատմական մարդիկը կապով մը բռնած իրենց շնիկները` կը պտտցնէին: 15 հազար տարիներ առաջ մեր նախահայրերուն «ընտանի» անասունները գայլերու զարմիկներն էին: Այդ ժամանակներուն ներկայ շուներուն նախահայրերը մարդոց լուր կու տային վտանգի պարագային եւ անոնց կ՛օգնէին որսորդութեան ընթացքին:

Մարդիկ կովեր սկսած են պահել 8000 տարիներ առաջ, իսկ եղջերուներ` միայն 5000 տարիներէ ի վեր:

 

Ո՞ր Երկիրը Տուրմով Դրոշմաթուղթեր Ծախեց 2013-Ին

heda-5_110516

Պելճիքան: Տուրմ պատրաստող մասնագէտներուն աշխատանքը գնահատելու համար այս երկիրը 2013-ին հրապարակեց սեւ տուրմի համ ունեցող դրոշմաթուղթեր:

 

Ինչո՞ւ Հին Եգիպտացիները Կիսադէմ Ներկայացուած Էին

heda-6_110516

Այդ ժամանակաշրջանին արուեստագէտներուն պաշտօնն էր աստուածներուն ներկայացնել կարեւոր մարդիկը, ինչպէս` փարաւոնները, իրենց ամէնէն գեղադէմ վիճակին մէջ: Հին եգիպտացիները կը հաւատային, որ եթէ անոնք երիտասարդ, գեղեցիկ եւ զօրաւոր ներկայացուէին, անոնք նոյն ձեւով պիտի մնային մահէն ետք, յաւիտենական կեանքին մէջ: Հետեւաբար մարմնի իւրաքանչիւր բաժին կը գծուէր ամէնէն գեղեցիկ երեւցած անկիւնէն. դէմքը, թեւերը եւ ձեռքերը` կիսադէմ, իսկ աչքը եւ կիսանդրին` դիմացէն:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել նշանակէտին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել նշանակէտին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող արջուկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող արջուկները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տասը խնձորները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տասը խնձորները:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Նոյեմբեր 1966)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ջաւախք… Երա՞զ, Թէ՞ Մղձաւանջ

RelatedPosts

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.