Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

October 5, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
ՊՈՄՊԷՅԻ ՄԷՋ

(ՍԵՓ. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)

Դէպի Աւստրալիա ճամբորդութեանս ընթացքին բախտն ունեցայ շաբաթ մը մնալու Պոմպէյ, որ նաեւ կը նկատուի «Հնդկաստանի Դուռը»:

Հաւատարիմ մնալով հայու բարի սովորութեան` հետաքրքրուեցայ այստեղի հայ կեանքով: Պէտք է ըսել, թէ նախապէս ընդհանուր ծանօթութիւն մը ունէի Հնդկաստանի եւ մանաւանդ Կալկաթայի հայկական կեանքի մասին, Լոնտոնի մէջ անոնցմէ շատերուն հանդիպած ըլլալով:

Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի փոքր հայկական գաղութներու հայերը մեծաւ մասամբ պարսկահայեր են: Անոնք, ժամանակի ընթացքին, ձգելով Նոր Ջուղայի եւ Թեհրանի հայաշատ կեդրոնները, գաղթած են Հնդկաստան, Սէյլան եւ Ինտոնեզիոյ կղզիները` ընդհանրապէս վաճառականութեամբ զբաղելով: Ոմանք չափազանց հարստացած են անցեալին, բայց տիրող կարծիքն այն է, թէ ասոնցմէ շատեր հեռատես եղած չըլլալով, առանց կտակի մեռած են եւ միլիոններ հայ ազգին համար կորսուած են` օտարներուն գրպանը մտնելով:

Հնդկաստանի նշանաւոր քաղաքներէն Կալկաթայի, Մատրասի եւ Պոմպէյի մէջ շատ սովորական է հանդիպիլ պողոտայի մը, որ Արմինիըն Սթրիթ կը կոչուի:

Ներկայիս Պոմպէյի մէջ շատ փոքր հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունի` մօտ 25 անձերէ բաղկացած:

1947-ին, բրիտանական տիրապետութեան վախճանին, շատ մը հայեր ձգելով այս ափերը` գաղթած են այլ երկիրներ: Արդ, ներկայ գաղութին մեծագոյն մտահոգութիւնն է պահպանել այս գաղութին եւ եկեղեցւոյ գոյութիւնը:

Տեղւոյս Ս. Պետրոս եկեղեցին 200 տարուան կեանք ունի: Սակայն մօտակայ Սուրաթ քաղաքին մէջ հայ եկեղեցի մը գոյութիւն ունեցած էր 400 տարի, մինչեւ վերջերս, ոչ մէկ հայ մնալով տեղւոյն կալուածները ծախուած ըլլալով` հասոյթը յատկացուած է Պոմպէյի Ս. Պետրոսի նորակառուցման եւ անոր հասոյթ ապահովող 6 յարկանի շէնքի մը շինութեան: Այս վերջինին հասոյթը եկեղեցւոյ ծախքերը հոգալէ ետք նաեւ բաւական պիտի ըլլայ ապագային սփիւռքի հայաշատ կեդրոններէ սաներ պահելու:

Պոմպէյի, ինչպէս նաեւ Կալկաթայի եկեղեցիները միշտ նոր Ջուղայի թեմին կապուած եղած են: Սակայն երբ Նոր Ջուղա Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միացաւ, մանրամասնութիւններուն առանց տեղեակ ըլլալու, Պոմպէյի եկեղեցական խորհուրդը կ՛որոշէ Նոր Ջուղայի հետ կապերը խզել եւ Էջմիածին կապուիլ: Սակայն յետոյ նկատի կ՛առնուի, որ ըլլա՛յ քաղաքական եւ ըլլա՛յ գործնական գետնի վրայ այս որոշումը իրենց շահերուն հակառակ կը հանդիսանայ:

Օրինակ` անցեալ յունուարէն ասդին, եկեղեցւոյ քահանան վախճանած ըլլալով` առանց քահանայի կը մնայ հօտը, քանի որ Էջմիածին կարող չէ եղած նոր քահանայ մը ուղարկել: Եկեղեցական խորհուրդը յարմար կը նկատէ այս եկեղեցւոյ հովիւ մը, որ միեւնոյն ատեն ընտանիքի տէր է:

Ս. Պետրոսի եկեղեցական խնամակալ խորհուրդի նախագահն է տիկին Սիրվարդ Բարսեղեան եւ քարտուղարը` տոքթ. Արամ Եղիազարեան: Միւս անդամներն են` տոքթ. Լեւոն Խաչատուրեան, Ռոպեր Շամլեան եւ Երանուհի Լորա:

Ամէն հայ պէտք է գնահատէ այս ազգայիններուն դժուար պայմաններուն տակ հայապահպանման մեծ ջանքը:

ԶԱՒԷՆ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ

Պոմպէյ

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՄԵՏԱՂԻ ՄԸ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱԼԱՎԵՐԴԻԻ ՄԷՋ

Երկու երկրաբաններ` Գ. Հայրապետեան եւ Մ. Եպիսկոպոսեան յաջողած են արժէքաւոր մետաղ մը` սելեն ստանալ պղինձի թափուկներէն: Մշակած են նոյնպէս աժան եւ շուտ ստանալու կերպը: Հետազօտութիւնները եւ փորձերը տեւած են երեք տարի: Սելենի գործարան մը պիտի շինուի Ալավերդիի մէջ, որ պղինձի արտադրութեան կարեւոր կեդրոնն է Հայաստանի մէջ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՈԼՈՐԱԿԱՑՈՅՑԸ

Մօտ տասը տարի է մոլորակացոյց (փլանիթեր) մը հաստատուած է Երեւանի մէջ, որ կը գործէր Մոսկուա պատրաստուած կէտային ելեկտրական լամբով աշխատող գործիքով մը: Այժմ Երեւանի մոլորակացոյցը կը գործէ աւելի կատարելագործուած գործիքով մը, որ ստացած է Արեւելեան Գերմանիայէն, վերջերս: Այս գործիքը աստղազարդ երկնքին համապատկերը կը յառաջացնէ տեսողական եղանակով, որ ոսպնեակներու բարդ համակարգ մըն է: Աստղոտ երկնքին տպաւորութիւնը կը ստացուի բնականին շատ նման: Նոր գործիքին միջոցով կարելի է ցուցադրել Ծիրկաթին, մոլորակներուն եւ լուսնին շարժումները:

Նախորդը

ԵՒՐՕ-2012. ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ԿԱԶՄԸ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.