Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 29 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սատի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ բաւական կարեւոր մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ:
Մրցումը կարեւոր է այն իմաստով, որ երկու խումբերն ալ ունին 6-ական կէտ: Հետեւաբար, յաղթական կազմը, դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքի պիտի բարձրանայ:
Նկատի ունենալով մրցումին կարեւորութիւնը` ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Սատի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ը:


