
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջապահ Էզեքուիել Լավեցի վերադարձաւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբ, յառաջիկայ ամիս Պրազիլի եւ Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն մասնակցելու համար (Հարաւային Ամերիկայի գօտի), հակառակ անոր որ նախորդ յունիսէն ի վեր դաշտ չէ ներկայացած իր ակումբին` Հեպէյ Ֆորթիւնի հետ (Չինաստան):
Արժանթինի կազմին մէջ ան պիտի փոխարինէ վիրաւոր Փաուլօ Տիպալան, որ նախորդ շաբաթավերջին Եուվենթուսի հետ իր կատարած մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ:
Արժանթինի մարզիչ Էտկարտօ Պոզա Պրազիլի (10 նոյեմբեր) եւ Քոլոմպիոյ (5 օր ետք) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն համար ճշդեց իր 27 մարզիկներուն անունները:
Նշենք, որ այժմ Արժանթին 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը` 5 կէտով ետ մնալով Պրազիլէն եւ Ուրուկուէյէն:


