
Երկրին սղաճին դէմ բողոքելու եւ նուազագոյն աշխատավարձին պարագային յաւելումներ պահանջելու ծիրին մէջ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կը շարունակէ ներկայացնելով իր պահանջները` հաստատ մնալով յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին գործադուլ կատարելու իր որոշումին վրայ:
Այս շրջագիծին մէջ, աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս կառավարութեան անունով կը բանակցի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ` անոր ներկայացուցած պահանջներուն լոյսին տակ:
2008-ին կատարուած վերջին յաւելումին հիման վրայ Լիբանանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը հասած էր 500 հազար լ. ոսկիի:
Այս առումով երէկ նախագահութեամբ նախարար Նահհասի ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին շարունակուեցան քննարկուիլ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջները:
Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ ինք կառավարութեան յաջորդ շաբթուան նիստին պիտի առաջարկէ պատմական առաջարկ մը` աւելցնելով, որ ինք գոհունակ կը զգայ ժողովներուն ընթացքին տիրող դրական մթնոլորտէն:
Նշենք, որ անցեալ ուրբաթ օր ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբն ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը գումարած էին միացեալ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուած էր նուազագոյն աշխատավարձի յաւելումներուն եւ փոխադրածախսի յաւելումներուն թղթածրարը:
Իր կարգին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր տագնապը բարդացնել, այլ` բաց մտայնութեամբ եւ ամենայն հանդուրժողութեամբ կ՛ուղղուին դէպի նիստերը` կառավարութեան հետ բանակցելու` աշխատավարձերը սրբագրելու կարելիութիւններուն մասին:
«Մենք կը փափաքինք որոշ լուծման մը յանգիլ եւ լիբանանցիներուն շահերը ապահովել` անոնց ուսերէն թեթեւցնելով ապրուստի ծանր բեռը», ընդգծեց Ղոսըն:
Ղոսըն մերժեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ աշխատավարձի յաւելումը պիտի ըլլայ 250 հազար լ. ոսկի, այսինքն` նուազագոյն աշխատավարձը պիտի վերածուի 750 հազար լ. ոսկիի. ան հաստատեց, որ իրենք
կը պահանջեն լիբանանցիներուն նուազագոյն աշխատավարձը վերածել մէկ միլիոն 250 հազար լ. ոսկիի, այլապէս` յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ-ցոյց մը:


